login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքը՝ փորթուկալերէնով - աւարտական իւրարայատուկ հանդիսութիւն 05/20/2024

Ապրիլ 12-ին, Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքին հետեւող առաջին խումբի աւարտական հանդիսութիւնը: Փորթուկալերէնով աւանդուող հայոց լեզուի դասընթացքը սկիզբ առաւ ՀԲԸՄ-ի Պրազիլի մասնաճիւղի եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի  համագործակցութեամբ:  

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Tivoli Mofarrej պանդոկին մէջ տեղի ունեցող աւարտական հանդիսութեան:  Ան շնորհաւորեց բոլորը եւ վկայագիրներ յանձնեց Արեւելահայերէն եւ Արեւմտահայերէն դասընթացքներու առաջին մակարդակը յաջողութեամբ աւարտած  ուսանողներուն:

 

Պրազիլի ՀԲԸՄ-ի ատենապետ Ռաֆայէլ Պալիքեան նոյնպէս շնորհաւորեց ուսանողները, շեշտելով այս համագործակցութեան կարեւորութիւնը. «ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Հայոց լեզուի դասընթացքը փորթուկալերէնով դասաւանդելու ծրագիրը երազանք մըն էր եւ Պրազիլի հայկական համայնքին մէջ հայապահպանման ուղղուած կարեւոր ներդրում մը, որ իրականացաւ Պրազիլի ՀԲԸՄ-ի շնորհիւ»:

 

Մրցանակաբաշխման արարողութենէն ետք, ուսանողները ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Անուշիկ Յարութիւնեանին հետ անձամբ հանդիպելու եւ իրենց տպաւորութիւնները կիսելու հնարաւորութիւնն ունեցան:

 

Այս համագործակցութիւնը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն է բոլոր փափաքողներուն տրամադրել հայկական կրթութիւն՝ նորարար միջոցներով, անկախ ուսանողներու լեզուական իմացութեան մակարդակէն:  

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Հայոց լեզուի դասընթացքը անվճար կը տրամադրուի ուսուցման 8 լեզուներով:  Փորթուկալերէնով աւանդուող հայոց լեզուի ծրագիրի երկրորդ մակարդակը ընթացքի մէջ է: Նախկին ուսանողներուն արդէն միացած են նորերը. այս մէկը անշուշտ կը վկայէ, որ դասընթացքը արձանագրած է մեծ յաջողութիւն:

 

Հանդիսութիւնը կրնաք տեսնել, հետեւելով տեսանիւթին.