Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային համալսարանը (ՀՀՀ) նպաստեց ամառնայի տարբեր ծրագիրներու, յատկապէս ՀԲԸՄ-ի ծրագիրներու կիրարկման, ինչպէս օրինակ՝ ՀԲԸՄ-ի «Երաժշտական Հայաստան»ը, «Կլոպալ առաջնորդութեան ծրագիր»ը եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Քայլ դէպի տուն»ը: Բոլոր ծրագիրներուն նպատակն է կրթական եւ ընկերային կապերու միջոցով սերտ յարաբերութիւն ստեղծել Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդներուն միջեւ:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը, որպէս հայագիտական առարկաներ դասաւանդող հաստատութիւն, արդէն աւելի քան 10 տարիէ առցանց դասաւանդման ծիրէն ներս մեծ փորձառութիւն ունի: Միշտ կը նպաստէ ՀԲԸՄ-ի «Կլոպալ առաջնորդութեան ծրագիր»ի յաջողութեան, կազմակերպելով բազմաբնոյթ կրթական եւ մշակութային առցանց ձեռնարկներ՝ մասնակիցները հայկական մշակոյթին հաղորդակից դարձնելու միտումով:
Յունիս 26-ին սկիզբ առած ՀԲԸՄ-ի «Կլոպալ առաջնորդութեան ծրագիր»ին մասնակցեցան 12 երիտասարդներ՝ Գանատայէն, Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ ԱՄՆ-էն: Արհեստավարժ պատասխանատուներու եւ մասնագէտներու գլխաւորութեամբ կազմակերպուած մասնագիտական փորձարարական ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու կողքին մասնակիցները հետեւեցան նաեւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Արեւմտահայերէն լեզուի դասընթացքին, Արեւմտահայերէնի բաժինի պատասխանատու՝ Զեփիւռ Խպլիկեանի եւ Աւագ հեռավար ուսուցչուհի՝ Անի Տեկիրմէնճեանի գլխաւորութեամբ:
Միեւնոյն ատեն, ՀՀՀ-ի անձնակազմը հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Երաժշտական Հայաստան» ծրագիրի մասնակիցներուն հետ եւ ներկայացուց կրթական այն ծրագիրները, որոնք կրնան նպաստել հայկան երաժշտութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ գիտելիքներու հարստացման:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը նպաստեց նաեւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի իրականացման: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող ծրագիրի նպատակն է սփիւռքի տարբեր համայնքներէն Հայաստան հրաւիրել պատանիներ, որպէսզի մօտէն ծանօթանան հայկական մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն:
Այս ծրագիրին շնորհիւ 2023-ի Յունիս-Յուլիս ամիսներուն Հայաստան այցելեց աւելի քան 600 պատանի: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի համագործակցութեան եւ հաղորդակցութեան մասնագէտ Կիմա Սերոբեանը ՀԲԸՄ-ի գրասենեակէն ներս ողջունեց մասնակիցները եւ ներկայացուց ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ել. դասընթացքները, յատուկ ծրագիրները եւ կրթական հարթակները:
Ամառնային ուսումնական շրջանի յաջողութիւններէն եւ ճոխ ուսումնական շրջանէն ետք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը պատրաստ է սկսելու Աշնանային ուսումնական շրջանը՝ նոր յայտագիրներով յագեցած:
Ամառնային ծրագիրներէն բացի ՀՀՀ-ի անձնակազմը մասնակցեցաւ հանրային տարբեր ձեռնարկներու, որոնցմէ նշենք՝ ԵՊՀ-ի կազմակերպած «Սորվի՛ր եւ աշխատի՛ր Expo-2023»ը եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Ազգային երիտասարդական համաժողով»ը: Այս ձեռնարկներուն ընթացքին մասնակիցները կրցան ծանօթանալ ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն: