login
Յօդուածներ
Տեղի ունեցաւ Համահայկական կրթական 10-րդ խորհրդաժողովը 09/07/2022

16-21 Օգոստոս, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը մասնակցեցաւ Աղուերանի մէջ տեղի ունեցած ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան կազմակերպած Համահայկական կրթական 10-րդ խորհրդաժողովին: Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն ի մի եկած էին կրթական մարզի ներկայացուցիչներ, հայոց լեզուի եւ հայկական ինքնութեան առնչուող հարցերը քննարկելու համար:  Խորհրդաժողովին ներկայ էին 21 տարբեր երկիրներու կրթական հաստատութիւններէն եւ հայկական կազմակերպութիւններէն մօտաւորապէս 100 մասնակից:


Լիագումար նիստերու եւ խմբային հանդիպումներու ընթացքին ներկայացուեցաւ կրթութեան իրավիճակը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ: Քննարկուեցան համագործակցութեան ուղիներն ու ապագայ ծրագիրներու եւ նպատակներու իրագործման հնարաւորութիւնները:  Մատնանշուեցան արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման հետ կապուած հարցերը՝ միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններէն ներս, համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ ուսումնական հաստատութիւններու միջեւ, դպրոցականներու եւ չափահասներու ուսումնական խնդիրները, եւ այլն...:


Խմբային հանդիպումներու եւ աշխատանիստերու ընթացքին, ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի ղեկավար Մարինէ Խաչատուրեանն ու  ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի հարցերը համակարգող Զեփիւռ Խպլիկեանը ներկայացուցին ՀՀՀ-ի ունեցած փորձառութիւը՝  ել. ուսուցման մէջ եւ սփիւռքի տարբեր դպրոցներուն ընձեռած իւրայատուկ հնարաւորութիւնները, իսկ ՀՀՀ-ի համագործակցութեան եւ գործառնական ղեկավար Արփինէ Թաւաքալեանը,  լիագումար նիստի ընթացքին, ներկայացուց ՀՀՀ-ի ծրագիրները: 


Նիստին ներկայ ուսուցչուհիներէն շատեր, որոնք հետեւած էին ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին,  բարձրաձայնեցին իրենց ունեցած դրական տպաւորութիւնները: Հաստատուեցան նոր կապեր՝ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ: 


Խորհրդաժողովի փակման արարողութեան ընթացքին ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանը բարձր գնահատեց հայ ուսուցիչի ստանձնած դերը՝ ազգային ինքնութեան պահպանման առումով: Ան ըսաւ. «Այս խորհրդաժողովը այն հարթակն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ արծարծելու սփիւռքի մէջ կրթական ոլորտի կազմակերպման եւ իրականացման խնդիրները եւ ԿԳՄՍ նախարարութեան հետ համագործակցութեան ուղիները»։

  
Նշենք, որ Համահայկական կրթական նախորդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ առցանց՝ ՀՀՀ-ի հարթակին,  2020-ին: Այս երկու տարուան ընթացքին, ՀՀՀ-ի Համահայկական կրթական ֆորումը, աշխարհի չորս կողմէն ի մի եկած  աւելի քան 1500 մասնակիցներուն  կը շարունակէ տրամադրել հայագիտական  եւ մանկավարժական մասնագիտական ոլորտներու  աշխատանիստեր: