login
Յօդուածներ
Նոր Մեկնարկ. ՀՀՀ-ի Հիպրիթ Կրթութեան Ծրագիրը՝ Թօփալեանի Մէջ 04/06/2019

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ Ժընեւի Թօփալեան վարժարանի համագործակցութեան շնորհիւ՝ հայկական առցանց որակաւոր կրթութիւնը հասանելի է նաեւ Թօփալեանի աշակերտներուն։

Վարժարանը հիմնուած է 1994-ին, բարերար Յակոբ Թօփալեանի ջանքերով։ Անոր նպատակն էր պահպանել ազգային ինքնութիւնն ու մշակոյթը՝ սփիւռքի մէջ։

Նշենք, որ 1960-ականներուն, Թօփալեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կառուցուած է Ս. Յակոբ եկեղեցին, Թրուանէի մէջ։ Ապա, Իտալիայէն Ժընեւ տեղափոխուելէն ետք (1985), հաստատած է հիմնադրամ մը, որուն շնորհիւ, Զուիցերիոյ մէջ հիմնուած է հայկական առաջին դպրոցը։ Տարիներ ետք այդ դպրոցը, իր ուսումնական առաջին տարեշրջանը սկսած է 20 աշակերտով։

Այսօր, հաւատարիմ մնալով «Հայ Ապրինք» կարգախօսին, դպրոցը իր 50 աշակերտներուն կը տրամադրէ հայկական կրթութիւն, դասաւանդելով հայոց լեզու եւ մշակոյթ։ Դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը ոչինչ կը խնայեն բարձրորակ եւ արդիւնաւէտ կրթութիւն ապահովելու, կիրառելով արդի մօտեցումներ։

ՀՀՀ-ի եւ վարժարանի միջեւ համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2018-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Երուանդ Զօրեանի Ժընեւ կատարած այցելութենէն ետք։ Ան կը նշէ. «Դպրոցի մէջ կը տիրէ դրական եւ ոգեւորող մթնոլորտ մը։ Վստահ եմ, որ ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքները եւ ել. ուսուցման առաւելութիւնները նոր շունչ պիտի հաղորդեն դպրոցական ծրագիրին։ Շնորհակալութիւն Թօփալեան դպրոցի աշխատակազմին եւ Պրն. Վահէ Կապրաշին՝ համագործակցութիւնը իրականացնելու համար»։

2019-ի Յունուարին դպրոցը միացաւ ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին, հետեւելով արեւմտահայերէնի առցանց դասընթացքին։ Դպրոցի ուսուցչուհի Մարալ Վուրին, որ մասնակցած էր ՀՀՀ-ի լեզուի դասընթացքին, ստանձնեց աշակերտներուն դասաւանդելու պատասխանատուութիւնը։

Դպրոցի տնօրէնուհի Անի Մեսրոպեան կ՚ըսէ. «Կը յուսանք, որ ՀՀՀ-ի հետ համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ եւ յառաջիկայ տարիներուն Թօփալեանի բոլոր աշակերտները հետեւին այս հետաքրքրական դասընթացքին»։

Համագործակցութեան ծիրէն ներս, 12 Դեկտեմբեր 2018-ին, դպրոցի աշակերտները մասնակցեցան ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց ձեռնարկին, որ նուիրուած էր Կաղանդի ու Ս. Ծնունդի հայկական աւանդութիւններուն։ Հանդիպումի ընթացքին աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան պատրաստուած տեսանիւթին, երգեցին ու աշխուժօրէն մասնակցեցան խաղ-հանելուկներուն։ Հանդիպումը skype-ով վարեց ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի՝ Զեփիւռ Խպլիկեանը եւ հիպրիթ կրթութեան ծրագիրի պատասխանատու՝ Արփինէ Թաւաքալեանը։

Թօփալեան վարժարանը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ 6 Մարտ 2019-ին, Բուն Բարեկենդանէն քանի մը օր ետք։ Այդ իսկ պատճառով, աշակերտները մասնակցեցան համապատասխան տօնական զգեստներով։ Հանդիպումի ընթացքին աշակերտները իրենց երգերով ու արտասանութիւններով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Զեփիւռ Խպլիկեանը հետաքրքրական տեղեկութիւններ յայտնեց Կոմիտասի ու Թումանեանի մասին, հեքիաթներ պատմեց ու տարբեր խաղեր կազմակերպեց։ Աշակերտները հեռավար այցելեցին Թումանեանի ծննդավայրի՝ Դսեղի տուն-թանգարանը։ Հետաքրքրական է, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, մասնակիցներուն մէջ կը գտնուէր աշակերտներէն մէկուն մեծ մայրը, որ ծագումով դսեղցի էր։ Հանդիպումի աւարտին, ան ներկայացուց «Դսեղ»եան յուշեր։

Ուսուցչուհի Մարալ Վուրին, ամփոփելով իր տպաւորութիւնները ձեռնարկի մասին, հաստատեց. «Հանդիպումը շատ հետաքրքրական էր, գրաւիչ եւ ոգեւորող։ Աշակերտները շատ ուրախ էին»։