login
Ներսէն Հայեացք
«Որքան ուսումնասիրեմ դասընթացքը, այնքան կ'աւելնայ հայոց լեզուի նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութիւնս» 07/23/2024

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Էլեօնորա Տէր Պօղոսեան ծնած է Թիֆլիս, Վրաստան: Ան միշտ ուզած է հայերէն սորվիլ: Մանկութեան տարիներուն մեծ հօր եւ մեծ մօր հետ հայերէն խօսած է, բայց հայերէնի իմացութեան մակարդակը չէ զարգացած, մնացած է այդ սկզբնական պարզ մակարդակի սահմաններուն մէջ:


Ան կ'ըսէ. «Միշտ ուզած եմ տիրապետել իմ մայրենի լեզուին, բայց այդ փափաքս երբեք չէ իրականացած: Թէեւ մայրենիին տիրապետելը կարեւոր արժանիք է, բայց շատ մարդիկ կան, որոնք չեն կրնար խօսիլ իրենց մայրենի լեզուով»:

 

Ան կը նշէ. «Հայերէնը դժուար լեզու է, սորվիլը դժուար է: Համացանցի վրայ պրպտումներ կատարեցի, որ յարմար դասընթացք մը գտնեմ: Երբ  գտայ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքները,  անմիջապէս արձանագրուեցայ: Առաջին դասէն իսկ նկատեցի, թէ դասերը ինչքա՛ն հաճելի են: Լաւ ծրագրուած դասերուն շնորհիւ, հայերէն տառերը սորվիլը դիւրին էր: Ես շատ գոհ եմ»: 
 

Իր հիմնական նպատակն է քերականութեան տիրապետելը: Ան խօսքը կը շարունակէ ըսելով. «Որքան խորանամ լեզուի մէջ, այնքան հետաքրքրութիւնս կ'ընդլայնուի: Կ'ուզեմ շատ բառեր սորվիլ, այդ բառերը ճիշդ ձեւով օգտագործելը սորվիլ: Ինծի կը թուի, թէ ինչքան սորվիմ, այնքան լեզուի գեղեցկութիւնը իմ առջեւ էջ առ էջ աւելի կը բացուի»: 


Էլեօնորան ՀՀՀ-ի ծրագիրին միացած է 2023-ին: Շարունակաբար հետեւած է ռուսերէնով աւանդուող ՀՀՀ-ի Հայոց լեզուի դասընթացքի երեք մակարդակներուն: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Գոհար Գէորգեան կը նշէ, որ «պարճանաչ ուսանողուհի է եւ բոլոր հանդիպումներուն ու քննարկումներուն միշտ աշխուժօրէն կը մասնակցի»: 

 
Էլեօնորան որոշած է հետեւիլ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի բոլոր մակարդակներուն: Ան կ'ըսէ. «Անպայման պիտի շարունակեմ եւ պիտի հետեւիմ բոլոր դասընթացներուն։ Շնորհակալ եմ, որ հայերէն սորվելու այս առիթը տրուած է:  Խորհուրդ կու տամ բոլորին, որ հետեւին  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն, որպէսզի հայոց լեզուն սորվելու եւ հայկական մշակոյթին խորապէս ծանօթանալու հնարաւորութիւնն ունենան: