login
Ներսէն Հայեացք
Մայրենի լեզուով Թումանեան կարդալու հաճոյքը 02/05/2014

Զարգացած հայ երիտասարդ, հեռահաղորդակցութեան ղեկավար Արսէն Պետրոսեանը ծնած է Ռուսիա, իսկ ետքը ընտանիքին հետ Հայաստան եկած է: Սակայն, հինգ տարեկանինի ընտանիքին հետ վերադարձած է Ռուսիա:


Արսէնը Հայաստան ապրեցաւ մինչև 1991 թուականը, եւ իր հայրենիքը վերադարձաւ 2005-ին: Այս անգամ երկիրը իրեն համար փոխուած էր եւ երիտասարդ Արսէնը իր մանկութեան ժամանակ տեսած Երեւանէն շատ քիչ կը յիշէր: Ան հայերէն միայն տանը եւ իր հօրը քանի մը ընկերներուն հետ կը խօսէր: Իսկ իր դպրոցի եւ համալսարանի ընկերները բոլորը ռուս էին: 2008թ ան ՍԻՎԱՄ-ին (Մոսկուայի Հայ երիտասարդութեան մտաւոր փոխգործակցութեան ընկերակցութիւն) միացաւ: Այս ընկերակցութիւնը կը համագործակցի ՀԲԸՄ-ի հետ։ Հոն բազմաթիւ հայ երիտասարդներու հետ ծանօթացաւ: Արսէնը այս քայլը կը սեպէ վերադարձ դէպի հայկական աշխարհ:


2009-ին ան կարելիութիւն ունեցաւ մասնակցելու Հայկական Համացանցային Համալսարանին մասին պատմուղ շնորհանդէսին եւ այդ շոնրհանդէսէն ետք ան անմիջապէս արձանագրուեցաւ ՀՀՀին մէջ:


«Օր մը Մոսկուայի մէջ գրադարան գացի եւ կեցայ Ավետիք Իսահակեանին եւ Յովհաննէս Թումանեանին ռուսերէնով թարգմանուած ստեղծագործութիւններուն առջեւ: Ես գնեցի այդ գիրքերը եւ կարդացի, բայց այդքան ալ հաճոյք չստացայ: Այդ գիրքերը ինծի բան մը չըսին: Հակառակ անոր ես շատ լաւ գիտէի, որ երկու հեղինակներն ալ անուանի եւ մեծ հռչակ ունեցող գրողներ են, յատկապէս Թումանեանը»,- ըսաւ Արսէնը: «Այդ ժամանակ որոշեցի հայերէն սորվիլ, որպէսզի թումանեանական պոեմները իմ մայրենի լեզվով կարդամ»:
 

2009ին երբ Արսէնը աւարտեց Մոսկուայի ֆիզիկայի եւ ճարտարագիտութեան համալսարանի մագիստրոսական բաժինը, ան մասնակցեցաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի արեւելահայերէնի դասընթացքին: 2012 թուականին աւարտեց դասընթացքի բոլոր մակարդակները:
 

Այդ ընթացքին , 2011ին, Արսէնը Հայաստան եկաւ եւ այցելեց ՀՀՀի գրասենեակը: Հանդիպեցաւ օնլայն ուուցիչներուն եւ ՀՀՀի ընկերներուն հետ եւ մասնակցեցաւ ՀՀՀի առաջին տարեդարձի առթիւ կազմակերպուած միջոցառումին: Այս այցի ժամանակ ալ ան որոշեց Հայաստան աւելի երկար մնալ: Birthright Armenia կազմակերպութեան օգնութեամբ ան վեց ամիս ապրեցաւ եւ աշխատեցաւ Երեւանին մէջ: Արսէնին քոյրը, ով իրմէ երկու տարիով պզտիկ է, նոյն որոշումը կայացուց եւ Հայաստան տեղափոխուեցաւ : Այժմ Արսէնին կը համոզէ որ իրեն պէս քայլ մըն ալ ինքը առնէ:
 

Հայերէն սորվելով, Հայաստանի նկատմամբ Արսէնին հետաքրքրութիւնը աւելի մեծացաւ, կապը ծննդավայրի հետ աւելի ամրացաւ: ՀՀՀի դասընթացքը աւարտելով` ան սկսաւ շատ աւելի լաւ հասկանալ Հայաստանին վերաբերող լուրերը: Արսէնը նաեւ իր համայնքի անդամներուն խորհուրդ տուած է ՀՀՀ ուսանող ըլլալ: Առ այսօր բազմաթիւ շնորհանդէսներ կազմակերպած է ՍԻՎԱՄի մէջ եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն մէջ , հոն ալ ներկայացուցած է ՀՀՀի գործունէութիւնը եւ դերը հայոց լեզուի եւ հայկական կրթութեանը տարածելու մէջ:
 

«ՀՀՀն շատ արդյունաւէտ միջոց է հայերէն սորվելու, որովհետեւ շատ լաւ համակարգ, ուսուցիչներ եւ միջավայր ունի : ՀՀՀն մեր համայնքի անդամներուն համար ամենալաւ վայրն է հայերէն սորվելու»,- ըսաւ Արսէնը:
 

Արսէնը վերջապէս հայերէնով կարդաց Թումանրանի ստեղծագործութիւնները եւ ուրախացաւ իր երազանքը իրականացնելու համար: Ան այժմ Մոսկուայի հայկական փորձարարական «Խենթ» թատրոնը հայերէնով դերեր կը խաղայ: Իսկ վերջերս, Նոյեմբեր 26ին, հայկական գրականութեան օրուայ առիթով, ան Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներէն մէկուն դերը խաղցաւ։
 

«Երբ հայերէն սորվեցայ, հայկական նոր իրականութիւն մը ծնաւ մէջս»,- ըսաւ Արսէնը եւ ժպտալով տեղեկացուց, որ ան պատրաստ է իր ընկերուհիին հետ հայերէն խօսելու:


Յարութ Եկմանեան