Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Լորա Պլանքոն՝ Արժանթինէն, սերած է ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ընտանիքէ մը, որ գաղթած է Լատին Ամերիկա՝ նոր կեանք եւ նոր ուղի գտնելու յոյսով:
Լորայի մեծ մօր երեք դուստրերը, թէեւ հասակ առած են հայախօս ընտանիքէ ներս, բայց միայն մէկն է որ կրցած է հայկական դպրոց յաճախել եւ սորվիլ հայերէն գրելն ու կարդալը: Միւս երկուքը, որոնցմէ մէկը Լորային մայրն է, այդ հնարաւորութիւնը չեն ունեցած. անոնք հայերէն գրել-կարդալ չեն սորված:
Լորային մայրը երբ արժանթինցիի մը հետ ամուսնացած է, ընտանիքէն ներս հայերէն խօսելու առիթը նուազած է:
Այսպիսով, բնականաբար, Լորան հայերէն սորվելու առիթը չէ ունեցած: Իր հետ հայերէն խօսած է միայն մեծ մայրը. «Երբ պզտիկ էի, հայերէն շատ կը լսէի, ականջս վարժուած էր հայերէն խօսք լսելու, բայց երբեք չէի կրնար խօսիլ»:
Տարիներ ետք, Լորային մեծ մարը ալզհայմըր հիւանդութեամբ երբ կը բռնուի, կամաց-կամաց սպաներէն խօսելէ կը դադրի:
«Ալ չէի կրնար իր հետ խօսիլ, որովհետեւ միայն հայերէն կը խօսէր: Շատ կը նեղուէի եւ կը յուզուէի: Ստիպուած ամէն ինչ կը թարգմանէի»:
Լորան կ'որոշէ հայերէն սորվիլ: Ճիշդ այդ ատեն կը լսէ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Ռոզարիոյ համալսարանի հայոց լեզուի դասընթացքի հիպրիթ ծրագիրին մասին:
Ան կ'ըսէ. «Անմիջապէս կապ հաստատեցի համալսարանին հետ եւ սկսայ հայերէն սորվելու»:
«Դասերուն հետեւելէս 7 ամիս ետք մեծ մօրս այցելեցի եւ առաջին անգամ ըլլալով որոշ չափով կրցայ հայերէն խօսիլ: Արդէն առանց մօրս միջնորդութեան եւ թարգմանութեան, զինք լաւ կը հասկնայի»:
«Խօսիլն ու մեծ մօրս հետ կապ վերահաստատելը առանց միջնորդութեան՝ բացառիկ եւ յուզիչ մէկ ապրում էր, նաեւ՝ մօրս համար»:
Հայերէն սորվելով Լորան կրցաւ կապ վերահաստատել իր հայկական արմատներուն հետ:
«Իսկապէս երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան: Շնորհակալ եմ բոլորին՝ սկսեալ նամակ դիմումս ընդունողէն մինչեւ տնօրէնութեան եւ անձնակազմին: Յատուկ շնորհակալութիւն էլենա Աշճեանին (ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի ուսուցիչ) եւ դոկտ. Երուանդ Զօրեանին (ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ): Շնորհակալ եմ, որ ընտանիքիս հետ կապ պահելու եւ արմատներուս գիտակցութիւնը ունենալու հնարաւորութիւնը տուիք»:
Արժանթինի Ռոզարիոյ համալսարանը (UNR) Լատին Ամերիկայի առաջին համալսարանն է, որ իր ծրագրէն ներս ներառած է ՀՀՀ-ի դասընթացքները, 2021-էն սկսեալ: Լեզուի դասընթացքէն բացի ուսանողները ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու միջոցով կը ծանօթանան Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին եւ կը հարստացնեն իրենց գիտելիքները ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին մատուցած բոլոր հնարաւորութիւններուն շնորհիւ: