Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ուսանող մէկ անգամ կ' ըլլաս, սակայն մինչեւ կեանքիդ վերջ կը մնաս:
Իրաւացի այս նախադասութիւնը կը վերաբերի տոկթոր Սոնա Արոնեանին: Ան երկար տարիներ համալսարանը դասաւանդելէն ետք, որոշեց նորէն ուսանող դառնալ եւ սորվիլ Հայկական Համացանցային Համալսարանը։
Արոնեանը Մասաչուսէթսի Լին քաղաքը ծնած է: Ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհ գացած ընտանիքներէն մէկն է։ Հայրը` հպարտ զէյթունցի տոկթոր Արշակ Ահարոնեանը, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ատեն Կոսթանդնուպոլիս համալսարանի բժշկական բաժինի ուսանող էր եւ ստիպուած նաեւ կը ծառայէր զինուորական վաշտի մը մէջ: Նոյն ժամանակ Արոնեանի մայրը Մատենի մէջ կորսնցուցած էր իր ընտանիքը, իսկ իրեն Իսթանպուլի մէջ սպայի մը կ'ուզէին նուիրել: Կոնիա երթալու ժամանակ ան Արշակին կը հանդիպի, որը նոյնպէս զինուորական վաշտէն կը փորձէր փախչիլ: Պատերազմէն ետքը անոնք կ'ամուսնանան, Իսթանպուլ կ'երթան եւ 1921-ին ԱՄՆ կը գաղթեն:
Ահարոնեանները ԱՄՆ-ի մէջ Արոնեան կը դառնան եւ կը ծնի Սոնա Արոնեանը: Ան տարիներ անց կը դառնայ ռուսական գրականութեան, կանանց մասին հետազօտութիւններու եւ համեմատական գրականութեան դասախօս: Ան 40 տարի Ռոտ Այլնտի համալսարանը կը դասաւանդէ:
Սոնային հայրը 1947ին կը գաղթէ Սովետական Հայաստան եւ հոն ալ կը մահանայ, իսկ Սոնան իր մեծ քրոջ հետ Ամերիկայ կը մնայ: Սոնան, Հայաստան առաջին անգամ հօր մահէն ետք կ'երթայ: Ատկէ ետքը ան վեց անգամ Հայաստան կը ճամբորդէ: Իր վերջին այցելութիւնը 2012ին էր:
Արոնեանի համայնքին մէջ շատ քիչ հայեր կան, իսկ հայկական եկեղեցի չկայ: Ան կարելիութիւն չունեցաւ հայկական շրջապատի մէջ ապրելու եւ լաւ հայերէն խօսելու: Սոնան հայերէն կրնար խօսիլ միայն շաբաթը մէկ անգամ, երբ Պրովիդանս կ'երթար եւ հայ ընտանիքներուն կը հանդիպէր: Ան Նիւ Հէւնի Եալլէ Համալսարանին մէջ կ' ուսանի, ետքը Փենսիլվանիա կը տեղափոխուի: Ան միշտ կը յիշէ իր ուսանողներուն, որոնց հետ քանի մը նախադասութիւններ հայերէն խօսելով աշխարհասփիւռ հայութեան հետ իր կապուածութիւնը կը զգար: Ան մինչեւ հիմա կը յիշէ այն ուսանողին, ով լաւ դուդուկ կը նուագէր:
Տոկթոր Արոնեանը երբ երկու ու կէս տարի առաջ հանգիստի կոչուեցաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի ուսանողներէն մէկը եղաւ: ՀՀՀի մասին համացանցի միջոցով իմացեր էր: Իրեն գրաւած էր ծրագիրը եւ կիրառուած նոր մեթոտները:
«Ես իսկապէս կը գնահատեմ ՀՀՀի իրազեկութիւնը այն դժուար հարցին, թԷ ինչպԷս պԷտք է հայերէն սովորեցնել ոչ հայախօս անձերուն»,- ըսաւ տոկթոր Արոնեանը:
Ան նախ մասնակցեցաւ արեւմտահայերէն դասընթացքի 8 մակարդակներուն: Աւարտելով բոլոր մակարդակները արձանագրուեցաւ եւ մասնակցեցաւ հայկական երաժշտութեան երկու դասընթացքներուն: Սոնան ըսաւ, որ դասընթացքները շատ արաք կ' ընթանային, բայց քանի որ հայերէն սորվելու իր ցանկութիւնը շատ մեծ էր, կրցաւ ժամանակ տրամադրել եւ լաւ սորվիլ: Տոկթոր Արոնեանը միշտ կը յիշէ իր օնլայն ուսուցիչները, որոնք պատրաստակամօրէն իրեն կ' օգնէին դասերը սիրելու եւ ուսումը շարունակելու:
Թոշակառու դասախօսը եւ ՀՀՀի նուիրուած ուսանողը այժմ իր ընտանիքին պատմութիւնը ուսումնասիրելով զբաղած է: Ան արեւմտահայերէնով շատ նիւթեր ունի, որոնք ուսումնասիրելու եւ կարդալու ժամանակ կ'օգնեն ՀՀՀի իր գիտելիքները:
Արոնեանը հայ հեղինակներէն կը սիրէ Զապէլ Եսաեանի եւ Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւնները: Ան կը ցանկանայ մասնակցիլ նաեւ ՀՀՀի հայկական գրականութեան դասընթացքներուն: Հայկական միջազգային կանանց ասոցիացիայի հանդիպումներու ժամանակ ան միշտ ՀՀՀի իր ուսման մասին կը խօսի: Ան նշեց որ միշտ ալ հետաքրքրուող կ' ըլլայ ՀՀՀի ծրագիրով:
«Ես երախտապարտ եմ ՀՀՀին, որ ինծի օգնեց վերաժառանգել իմ իսկ ժառանգութիւնս», ըսաւ տոկթոր Արոնեանը:
Յարութ Եկմանեան