login
Հին շրջանի հայոց պատմութիւն – մաս 2
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասընթացքը կը ներկայացնէ հին շրջանի Հայոց Պատմութեան համառօտ նկարագրութիւնը` ընդգրկելով Տիգրան Մեծի թագաւորութեան վերջին տասնամեակէն մինչեւ 4-5-րդ դարերը: Այն կը բաղկանայ 8 դասերէ եւ կը ներկայացնէ.Ք.ա. 69-66 թ. տեղի ունեցած հայ-հռոմէական պատերազմները, Արտաւազդ Բ-ի թագաւորութեան ժամանակաշրջանը, Արտաշէսեաններու անկումը, ինչպէս նաեւ Արշակունեաց թագաւորութեան հաստատումը, քրիստոնէութեան ընդունումը, Պապ թագաւորի իշխանութեան մասին գիտելիքները եւ Հայաստանի պետական կարգը 4-5-րդ դար:
Հին շրջանի Հայոց Պատմութեան դասընթացքը մատչելի է մեծ լսարանի համար: Շեշտը դրուած է Հայաստանի աշխարհագրութեան, հայկական կառավարման կառոյցներու, Հայաստանի անկախութեան խնդիրներու սոցիալական, քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման եւ հայկական եկեղեցիի պատմութեան վրայ:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Հայ - Հռոմէական պատերազմները ք.ա. 69-66 թ.;
  • Հայաստանի պայքարը հռոմի դէմ Արտաւազդ Բ-ի օրօք Արտաշէսեաններու անկումը;
  • Հին Հայաստանի պետական կարգը, տնտեսական ու մշակոյթային կեանքը;
  • Արշակունեաց թագաւորութեան հաստատաումը Հայաստանի մէջ (Տրդատ Ա);
  • Քրիստոնէութեան ընդունումը Հայաստանի մէջ;
  • Հայ ժողովուրդի պայքարը Սասանեան Պարսկաստանի դէմ Դ դարու 30-60-ական թուականներուն: Արշակ Բ.;
  • Հայաստանաը Պապ Արշակունիի օրօք:Արշակունիներու անկումը;
  • Աւատատիրութիւնը Հայաստանի մէջ Դ- Ե դարերուն: Պետական կարգը:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները ծանօթացած կ’ըլլան Հայոց Պատմութեան նշանակալից իրադարձութիւններու թուագրութեանը, գիտելիքներ կ’ունենան այն իրադարձութիւններու մասին, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի եւ պետականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ գիտելիքներ` համաշխարհային պատմութեան մէջ Հայոց պատմութեան դերի մասին: Կ’ունենան պատմական գործընթացքները ուսումնասիրելու, վերլուծելու, մեկնաբանելու եւ խնդիրները լուծելու փորձ:

Դասընթացքի դասացուցակը

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն  իրենց ուսանելու ոճը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ  եւ կիրարկեն զանոնք:

Շաբաթ 1-8

Դաս ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի  գիտելիքներու նիւթերը)
Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ:

Շաբաթ 3

Անհատական աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 7

Խմբային աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ:  Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
25% - անհատական աշխատանք
25% - խմբային աշխատանք
30% - աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Բաբիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ուրուագիծերը ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են հասարակայնօրէն հասանելի մասնագիտական գրականութեան, գիտական գրականութեան, ուսումնական ծրագիրներու, հայ եւ օտար հեղինակներուն ուսումնասիրութիւններու, բազմալեզու աշխատութիւններու եւ հրապարակումներու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու, պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

•    Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն, ՀԳԱ հրատ., հատոր 1-8, Երեւան, 1967-1984
•    Է. Դանիէլեան, Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 2008
•    Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 1998