login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահի Հանդիպումը Պրիւքսէլի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Հետ 11/27/2016
27 Նոյեմբեր, 2016-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեան այցելեց Պրիւքսէլ եւ հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Երիտասրդ Արհեստավարժներու հետ: Մտերմիկ հանդիպումին մասնակցեցան մօտաւորապէս 20 երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Պրիւքսէլի Երիտասարդ Արհեստավարժներու ատենապետ Սարգիս Պետրոսեանի եւ փոխ-ատենապետ Սեւակ Աբէլեանի։ Դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ՀԲԸՄ-ի երետասարդական ծրագիրներուն, Հայկական Համացանցային Համալսարանին եւ ընդհանրապէս ազգային հարցերու մասին: Արդիւնաւէտ հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ այն միտքը, որ նորարարական մօտեցումը հայկական կրթութեան մէջ, կրնայ նպաստել հայկական ինքնութեան պահպանման: Արդարեւ, յատկապէս հայրենիքէն դուրս ապրողներուն համար, համացանցի միջոցով, մայրենի լեզուն սորվիլը եւ մշակոյթին ծանօթանալը՝ բացառիկ հնարաւորութիւն է: Հանդիպումի մասնակիցները ոգեւորուած էին: Շատեր արդէն պատրաստակամ էին աջակցելու ծրագիրի զարգացման եւ հայկական կրթութեան ամէնուրեք տարածման: