ՀՀՀ-ն <<Կանայք ՏՀՃ Բնագաւառի Մէջ>> Միջազգային Միջոցառմանը
04/25/2013
21-րդ դարը ճարտարագիտական դարաշրջան կը համարուի, որովհետեւ բարձր ճարատարգիտութիւնը եւ համակարգիչը մարդկանց կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ մեծ դեր ունի ։ Նոյն ատեն դժուար է պատկերացնել, որ այս ամենուն սկիզբը 200 տարի առաջ Պայրոնի աղջիկը՝ թուաբանագէտ Ատա Լովելասը սկիզբ դրաւ:
Այս տարի, 25 Ապրիլին ՏՀՃ կանանց եւ աղջիկներուն միջազգային օրը նշուեցաւ, որուն նպատակը աղջիկներու եւ կանանց ներգրավումն էր ՏՃ բնագաւառի մէջ` աւելի մեծ կարելիութիւն ընձեռնելով Ատայի հետեւողներուն կայանալու եւ այս բնագաւառի մէջ փայլուն ապագայ ունենալու: <<Կանայք ՏՀՃ Բնագաւառին Մէջ>> միջազգային միջոցառումը <<Կանայք եւ ՏՏ Հասարակութիւն>> կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է։ Կազմակերպութեան հիմնադիրն է Նարինէ Աբազեանը:
<<ՏՃ անընդհատ զարգացող բնագավառը, Հայաստանի մէջ մեծ հռչակ կը խոստանայ շատ մը հայ երիտասարդ կանանց>>: Ասիկա էր Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (ՀԱՀ) մէջ տեղի ունեցած համաժողովին կոչը եւ առաքելութիւնը: Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) որպէս յառաջադէմ եւ նորանոր ճարտարագիտութեան վրայ հիմնուած կազմակերպութիւն ներկայացուած էր: բարձր եւ նոր ճարտարագիտութեան բնագավառին մէջ գործունեայ կանայք իրենց անցած ուղին ներկայացուցին 200 երիտասարդ աղջիկներուն, որոնք 18 դպրոցներէ եւ տարբեր ուսումնական հաստատութիւններէ եկած էին : Բացման խօսքով հանդէս եկան ՀԱՀ նախագահ դոկտոր Պրուս Մ. Պօղոսեանը եւ փոխնախագահ, Հայաստանի USAID ներկայացուցչութեան ղեկավար Քարեն Հիլիատը եւ այլ պաշտօնեայ անձեր:
ՀՀՀ վարչական տնօրէնը՝ Աննա Ենկիպարեանը ներկայացուց այն յաջողութիւնները, որոնց ՀՀՀ-ն իր գործունէութեան ընթացքին հասեր է` ՏՀՃ բնագաւառի մէջ զարգացում ապրելու հետ մէկտեղ , ինչպէս նաեւ այս բնագաւառին մէջ իր ունեցած ձեռքբերումները: <<Մեր համալսարանի դուռը միշտ բաց է>>,- Ան ըսաւ ` մատնանշելով օնլայն կրթութեան առավելութիւնները եւ հասանելիութիւնը միշտ եւ ամեն տեղ: -<<Եթէ չըլլար այս զարգացումները, մենք չէինք ունենար այսպիսի յառաջադեմ ծրագիր>>:
Աննա Ենկիպարեանը նաեւ նշեց, որ ՀՀՀ-ն կայուն մնալու համար, կը հետեւի ՏՀՃ բնագաւառի մէջ եղած ժամանակակից միտումներին` ընկերութիւնը ընդգրկելով բարձր մակարդակի ՏՃ մասնագէտներով: <<Չնայած անոր, որ ՏՀՃ-ը արագընթաց ձեւով կը տարածուի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, կանանց հետաքրքրութիւնը կը նուազի>>,- ըսաւ ան: Աննան բոլոր երիտասարդ կանանց եւ աղջիկներուն խորհուրդ տուաւ աւելի խելացի եւ հեռատես ըլլալ մասնագիտութիւնը ընտրելու ժամանակ, ապա իր անձնական փորձին մասին խօսեցաւ: <<Ընդունուելով թուաբանական համալսարանի բաժին, սկիզբը յուսախափուեցայ, մանաւանդ երբ տեսայ համակարգիչներուն սեւ եւ լուռ պաստարները : Սակայն տեղեկատուական ճարտարագիտութեան արագընթաց զարգացումը, ՀԱՀ-ի միջավայրը, ինչպէս նաեւ ՏԻՃ դասընթացքները փայլուն կարելիութիւն տուին ինծի>>:
Աննա Ենկիպարեանը իր խօսքը աւարտեց, անդրարադնալով այն հանգամանքին, որ կանայք եւ տղամարդիկ հաւասար պէտք է բաշխուած ըլլան այս բնագաւառին մէջ.<< Որպէս օրէնք, այսպիսի աշխատանքային խումբերը աւելի ստեղծագործ եւ արդիւնաւէտ են: Ուստի, սիրելի՛ կանայք, մի հրաժարուիք այս բնագավառին մէջ թափուր տեղեր ունենալէն: Այս ոլորտը կանանց ներկայութեան պէտք ունի>>:
Հայկական Համացանցային Համալսարանի եզակի նորարարական մօտեցումը ներկաներուն հետաքրքրութիւնը եւ ուշադրութիւնը գրաւեց համալսարանի առաքելութեան եւ ճարտարագիտական նոր ոլորտներու վրայ հիմնուած գործունէութեանը:
ՏՀՃ բնագաւառի մէջ ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը նկարագրող տեսանիւթը դիտելու համար սեղմեցէք հետեւեալ յղումը. http://www.youtube.com/watch?v=GtZFLJyu2yI
ՀՀՀ-ի` երկրորդ տեղի մրցանակը ստանալու տեսանիւթը դիտելու համար սեղմեցէք հետեւեալ յղումը. http://www.armnewstv.am/hy4/1366896286