Չինաստանի Հայ Համայնքի Նախաձեռնած Միջոցառումը
11/09/2013
«Որովհետեւ անոնցմէ երկուքը երբ աշխարհի որեւէ մէկ մասը իրարու հետ հանդիպին, տեսէ՛ք, թէ անոնք Նոր Հայաստան մը չեն ստեղծեր»: Հայ մեծ գրող Ուիլիամ Սարոյեանին այս խօսքերը կը մտաբերենք, երբ տեսնենք «Չինահայ» համայնքի նորաստեղծ հայկական կեդրոնը:
Հայերը շատոնց բնակած են երկրագունդի այս հեռաւոր անկիւնը, բայց իրենց հասարակական գործունէութեամբ վերջերս ի յայտ եկած են: Այս առումով աչքի ինկաւ Հոնգ Գոնկի չինահայ համայնքը, որուն անունն ալ «Չինահայ» է: 9 Նոյեմբեր, 2013-ին Հոնգ Գոնկի «Չինահայ» համայնքը միջոցառում մը կազմակերպած էր . «Jack & Julie Maxian» նորաստեղծ հայկական կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնն էր: Միջոցառմանը ներկայ էին այլ ազգի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն բազմաթիւ հիւրեր:
Պաշտօնական բացման արարողութեան հրաւիրուած էր նաեւ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը: ՀՀՀը միջոցառման առաջին օրը ներկայացաւ որպէս պատուաւոր հիւր, իսկ երկրորդ օրը` 10 Նոյեմբերին, հանդէս եկաւ իր ելոյթով: ՀՀՀի հիմնադիր տնօրէն տոքթոր Երուանդ Զօրեանը ներկաներուն ՀՀՀի գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը ներկայացուց: Տոքթոր Զօրեանը նաեւ նշեց թէ ինչպէս ՀՀՀն, որպէս կրթական հաստատութիւն կրնայ աջակցիլ աշխարհի տարբեր ծայրերը գտնուող համայնքներուն` իրենց հայապահպան գործունէութեանը նոր արժէք հաղորդելով:
Ետքը Հոնգ Գոնկի ՀՀՀի պաշտօնական ներկայացուցիչ Նանա Մինասեանը, ներկայացուց ՀՀՀի կողմէ «Չինահայ» համայնքին տրամադրուած դասընթացքները: Ան յայտնեց, որ Հայկական Համացանցային Համալսարանը հայագիտական դասընթացքներ կը տրամադրէ «Jack & Julie Maxian» նորաստեղծ հայկական կեդրոնը: Հայոց լեզուի, Հայոց պատմութեան եւ Հայ մշակույթի ամբողջական դասընթացքները, օնլայն ուսուցչի աջակցութեամբ, մատչելի են եւ՛ մեծերուն , եւ՛ պզտիկներուն համար:
Հիւրերը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ լսեցին նոր ծրագիրը: ՀՀՀի ուսուցման ձեւը հիւրերուն գրաւեց եւ զգացին, որ կրնան մօտիկ ըլլալ հայրենիքին, մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին ՀՀՀի գործունէութեան շնորհիւ: