Առցանց Կրթութեան Անուանի Փորձագէտներուն Հիացուցած է ՀՀՀ-ի Փորձառութիւնը
09/24/2015
24 Սեպտեմբեր, 2015-ին, առցանց կրթութեան բնագաւառի նշանաւոր փորձագէտները այցելեցին ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, գործունէութեանը եւ ծրագիրներուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ուղիները քննարկելու համար։
ՀՀՀ-ի հիմնադիր Երուանդ Զօրեանը, ակադեմական բաժինի տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը եւ ճարտարագիտական բաժինի տնօրէն՝ Արթիւր Աւագեանը փորձագէտներուն ներկայացուցին ՀՀՀ-ի ծրագիրները եւ ուսումնական այն միջոցները, որոնք կ՚ապահովեն ՀՀՀ-ի կրթական համակարգի գործունէութիւնը։
Փորձագէտները պարզապէս հիացած էին, որովհետեւ վեցամեայ գործունէութեան ընթացքին, ՀՀՀ-ն կրցած է կիրարկել այս ոլորտի առկայ առցանց միջոցները, ապահովելով լսարանի հետաքրքրուածութեան բարձր մակարդակը եւ գոհունակութիւնը։ Իսկ, բազմաթիւ ազգերէ բաղկացած լսարանի խնդիրները յաղթահարած է, համալսարանին մէջ կիրառուող դասաւանդման եօթը լեզուներուն եւ առցանց կրթութեան ընդարձակ շրջանակին շնորհիւ։ Փորձագէտները ուզեցին ուսումնասիրել մէկ դասընթացքի մէջ տարբեր խումբեր ունենալու փորձը եւ Moodle ի ել. ուսուցման միւս միջոցներու արդիւնաւէտութեան գրաւականը:
Անոնք շարք մը առաջարկներ ներկայացուցին, հիմք ընդունելով այս ոլորտի այլ համալսարաններու ուսումնասիրութիւնները, շեշտելով յատկապէս ուսանող-ուսանող եւ ուսանող-բովանդակութիւն համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Առաջարկեցին կիրարկել տարբեր խաղեր եւ զարմացան, երբ տեսան, թէ այդ մէկը արդէն ներառուած է ՀՀՀ-ի ճատրակի ծրագիրին մէջ: Փաստօրէն, օգտագործելով ճիշդ-սխալ մեթոտը գլուխկոտրուկներուն եւ վարժութիւններուն մէջ՝ ՀՀՀ-ն կրցած է դասը վերածել խաղի՝ դարձնելով զայն առաւել գրաւիչ եւ արդիւնաւէտ:
Հանդիպումի աւարտին, ՀՀՀ-ը խոստացաւ տրամադրել անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները եւ օգնել հասնելու ցանկալի արդիւնքներուն:
Հանդիպումը երկարատեւ, շահաւէտ համագործակցութեան մը սկիզբը դրաւ: Արդիւնքները թերեւս առաջացնեն նոր հորիզոններ, օգնելով ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն, որ ձեռք ձգեն նոր յաջողութիւններ՝ այս բնագաւառին մէջ: