Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Ե. Զօրեան Յունուար 22-25 ներկայ գտնուեցաւ Լոնտոն տեղի ունեցած «British Educational Training and Technology Show 2020» կրթական ցուցահանդէսին։ Կրթական ոլորտի արդի ճարտարագիտութեան նուիրուած ցուցահանդէսին, Դոկտ. Զօրեանի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լոնտոնի ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ եւ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու գործունեայ անդամ Սարգիս Մազմանեանը։
Անոնք ծանօթացան ուսումնական գործընթացին մէջ կիրառուող STEM, VR եւ AR բնագաւառներու նորարարական ճարտարագիտութեան։
Իր տասնամեայ գործունէութեան ընթացքին, ՀՀՀ-ը միշտ հետեւած է ճարտարագիտութեան արդի լուծումներուն՝ դասընթացքները մշակելու եւ ել. գիրքերը կազմելու ու հրապարակելու համար։
Դոկտ. Զօրեան կը նշէ.« ՀՀՀ-ի համար այս կրթական ցուցահանդէսը շատ կարեւոր է, որովհետեւ առիթ կ՚ընձեռէ, որ դառնանք առցանց կրթութեան համայնքի գործօն մասնակիցը, գտնենք նոր գործընկերներ եւ ներկայացնենք մեր ձեռքբերումները»։
BETT որ տեղի կ՚ունենայ ExCeL-ի կեդրոնէն ներս, ճարտարագիտական ոլորտի կրթական ամենամեծ հաւաքն է։ Այս տարի ցուցահանդէսը ընդգրկեց 34 000 մասնակից՝ 146 երկիրներէ։