login
Յօդուածներ
Առցանց Ձեռնարկ - «Ցեղասպանութեան Ազդեցութիւնը Կանանց Վրայ, 1914-1918» 04/30/2019

Հայկական ցեղասպանութիւնը կիներուն եւ տղամարդոց վրայ տարբեր ազդեցութիւն ունեցած է։ Երբ հայ մտաւորականները, տղամարդիկ ու կանայք աքսորուեցան ու զոհուեցան, հայ կիներն ու աղջիկները ֆիզիքականօրէն բնաջնջուելէ բացի մատնուեցան բռնի ձուլման վտանգին։

1915-1916 թուականներուն բազմաթիւ կիներ եւ աղջիկներ առեւանգուեցան եւ բռնի ամուսնութեան ենթարկուեցան՝ մահմետական տղամարդոց կողմէ։ Օսմանեան իշխանութեան տակ գտնուող Սուրիոյ անապատները աքսորուած կիները, ծերունիներն ու երեխաները ենթարկուեցան զանգուածային նուաստացումի, սովի ու բնաջնջման։

Այս նիւթի մասին, ՀՀՀ-ը կազմակերպեց առցանց ձեռնարկ մը, որ սփռուեցաւ ՀՀՀ-ի դիմատետրի էջին։ Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կիներու կրած խոշտանգումներուն մասին ելոյթ ունեցաւ Քլարկ համալսարանէն ներս ուսումնասիրութիւններ կատարող, ցեղասպանագէտ՝ Աննա Ալեքսանեանը։ Իր կատարած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, թէ ինչպէ՛ս ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կնոջ աւանդական կերպարը փոխուեցաւ ու յետագային հայ ժողովուրդի վերապրումի հիմքը հանդիսացաւ։

28 Ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցած ձեռնարկը վարեց ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի տնօրէն Դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այսպիսի ձեռնարկ կազմակերպելու համար։ Ինծի համար եւ իմ աշխատանքիս համար այս ձեռնարկին հետեւիլս շատ կարեւոր էր։ Ե՛ւ ընտանիքիս անդամները, ե՛ւ անձամբ ես՝ իմ կեանքի հինգ տասնամեակներու ընթացքին, զգացած ենք ցեղասպանութեան արհաւիրքը։ Մեր ընտանիքին պէս ընտանիքներ շատ կան... Ուստի շատ կարեւոր է իրականութիւնները ճանչնալ եւ իմանալ առաջ ընթանալու ուղիները»։ Տեպորա Ուերց, ՀՀՀ–ի ուսանող