login
Յօդուածներ
Հիպրիթ դպրոցներու հետ համագործակցութեան տարածումն ու զարգացումը 02/28/2022

Ուսանողներուն ուսուման նպաստելու համար ՀՀՀ-ը հիպրիթ դպրոցներուն  առցանց դասընթացքներ կ'առաջարկէ եւ  ընկերային տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպէ: Այս բոլորէն բացի ՀՀՀ-ը ուսուցիչներուն մանկավարժական տարբեր աղբիւրներ կը տրամադրէ: 


ԳԱՆԱՏԱ


Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղէն ճատրակի դասընթացքին հետեւող աշակերտները  յաջողութեամբ աւարտեցին ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց դասընթացքի երկրորդ շրջանը: Այս առթիւ ՀՀՀ-ը կազնակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին տասնեակ ուսանողներ ստացան իրենց աւարտակա նվկայագիրները:
Կրնաք այս կարճ տեսանիւթը դիտել:
 

Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի «Հայորդաց Օր»էն աւելիքան 40 աշակերտ միացաւ ՀՀՀ-ի Ձմեռնային ուսումնական շրջանի հիպրիթ ծրագիրին: ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչ, ճատրակորդ Մարիա Գէորգեանի օգնութեամբ աշակերտները ծանօթացան ճատրակի հիմունքներուն:


2021-ի Դեկտեմբերին, Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան դպրոցէն աւելի քան 30 աշակերտ առցանց այցելեցին Կոմիտասի Թանգարան-ինստիտուտն ու Յովհաննէս թումանեանի Տուն-թանգարանը: Այս այցելութիւնը առիթ մըն էր, որ աշակերտները ծանօթանան հայկական երաժշտութեան եւ գրականութեան հանճարեղ դէմքերուն եւ ստեղծագործութիւններուն: 
 

Թորոնթոյի Արարատ հայկական դպրոցի տնօրէնուհի Վիէօլէթ Խաչատուրեանը կը նշէ. «Ես շատ սիրեցի ձեր ծրագիրը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգած է: Նախ շատ յարմար եւ դիւրին է օգտագործողի համար, ապա պատկերներն ու վարժութիւնները շատ հրապուրիչ են՝ երեխաներու համար: Ծրագիրի բառապաշարն ու երկխօսութիւնները իսկապէս կ'օգնեն, որ աշակերտները սորվին եւ զարգացնեն հայերէն խօսելու ունակութիւնը: Ուսուցիչները, երեխաները եւ ես շատ գոհ ենք AVC-էն:
 

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ


Ս. Յակոբի տօնին առիթով ՀՀՀ-ը յատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպեց Ժընեւի Թօփալեան հայկական վարժարաի աշակերտներուն համար:  Հանդիպումը ճոխ էր եւ հաճելի, ամանորեան տօնական տրամադրութեամբ յագեցած: 


ՌՈՒՍԻԱ


AVC Lab-ը 2011-ին հաստատուած ՀՀՀ-ի հիպրիթ առաջին դպրոցներէն է, որ բոլոր ցանկացողներուն, անկախ իրենց տարիքէն, հայագիտական ել. ուսուցում կը տրամադրէ: Մարտ 2022-ին, ՀՀՀ-ի ուսանողները մասնակցեցան ՀՀՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկին, առցանց այցելեցին Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը եւ ծանօթացան Մարտիրոս Սարեանի արուեստին:
 

ԹԱՅՈՒԱՆ


Անցեալ տարուան վերջաւորութեան Թայչունկի Չունկ-Հսինկ համալսարանին կապուած երկրորդական վարժարանի մօտաւորապէս 30 աշակերտները առցանց այցելեցին Էրեբունի թանգարան: Անոնք մեծ հետաքրքրութիւն ունին Հայաստանի հանդէպ եւ կը հետեւին ՀՀՀ-ի հայոց պատմութեան դասընթացքին: