login
Յօդուածներ
Արհեստական բանականութեան դասընթացք՝ երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն համար 03/25/2022

24  Մարտ 2022-ին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան հանդիպում ունեցաւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Ժաննա Անդրիասեանի,  Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան տեխնոլոկիաներու (ՏՀՏ) գործատուներու միութեան նախագահ Արմէն Պալտրեանի, ԵՏՄՀ գործադիր տնօրէն Էդուարդ Մուսայէլեանի եւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան կրթական բաժինի տնօրէն Վազգէն Մելիքեանի հետ։ 


Հանդիպումին քննարկուեցաւ «Արհեստական բանականութեան» դասընթացքը երկրորդական վարժարանի 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ կարգերու աշակերտներուն տրամադրելու հնարաւորութիւնը: Երեք մասէ բաղկացած դասընթացքի այս շարքը ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վալիի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ եւ «Սինոփսիս» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ մէջտեղ եկած ծրագիրը մշակուած է UEICT-ի եւ «Սինոփսիս Արմենիա» ի կրթական բաժինի կողմէ: Դասընթացքը պիտի ներկայացուի ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի հարթակին միջոցով:


Դոկտ. Զօրեան  ներկայացուց «Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքի նպատակները՝ ընդգծելով, որ ան մշակուած է աշխարհի լաւագոյն փորձի հիման վրայ։ Նշեց, որ տարբեր քաղաքներու մէջ գտնուող երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն հասանելի դառնալու համար դասընթացքը առցանց ձեւաչափով մշակուած է: 


Ժաննա Անդրիասեանը նշեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է STEM-ի (գիտութիւն, թեքնոլոճի, ճարտարագիտութիւն եւ ուսողութիւն) խթանումը դպրոցական կրթութեան ոլորտին մէջ:  Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին գործնական քայլերը, որոնք պէտք է կիրառուին յաջորդ ուսումնական շրջանին, Հայաստանի դպրոցներու 10-րդ կարգի աշակերտներուն «Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքի առաջին մակարդակը ուսումնական ծրագիրէն ներս ներառելու համար: