login
Յօդուածներ
«Վայոց Ձոր» Ել. Գիրքը Ներկայացուեցաւ Սմիթսոնեան Folklife Փառատօնին 07/05/2018

Այս տարի, Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած Սմիթսոնեան Folklife փառատօնի այցելուները Հայաստանին ծանօթանալու հնարաւորութիւնը ունեցան ոչ միայն ազգային սնունդի, արհեստներու եւ երաժշտութեան, այլ նաեւ ճարտարագիտութեան միջոցով: Փառատօնին ներկայացուած «Վայոց Ձոր» մուլթիմետիա ել. գիրքի շնորհիւ ներկաները երեւութապէս ճամբորդեցին Հայաստան, տեսան Վայոց Ձորի պատմական վայրերը վայելեցին հիանալի բնութիւնը եւ զգացին մշակոյթի շունչը:

Ել. գիրքի համահեղինակներն են ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը եւ USAID-ի Սմիթսոնեան ինստիտուտի «Իմ Հայաստան» ծրագիրը: Այս գիրքը ուղեցոյց մըն է Վայոց Ձորի մասին, հարուստ՝ տեսանիւթերով, 3D պատկերներով, սահիկներով, ձայնագրութիւններով, 360 համայնապատկերներով եւ շարժական քարտէզներով։

ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեանը նշեց. «ՀՀՀ-ը հպարտութեամբ կը համագործակցի «Իմ Հայաստան» ծրագիրի եւ Սմիթսոնեան հաստատութեան հետ, հաւատարիմ մնալով հայկական հարուստ ժառանգութիւնը աշխարհին ներկայացնելու իր առաքելութեան։ Ես շատ ուրախ եմ, որ «Վայոց Ձոր» ել. գիրքը կը ներկայացուի նաեւ այս փառատօնին»: Ապա աւելցուց. «Վայոց Ձորի բնական եւ պատմական հարստութիւնը լաւագոյնս ներկայացնելու համար, ել. գիրքը հրապարակուած է ստեղծարար եւ ժամանակակից լուծումներով։ Իր ներգործօն բովանդակութեամբ կրնայ նպաստել զբօսաշրջիկներու թիւի աճին՝ մարզէն ներս»։

Պատմութեան, բնական վայրերու, մշակոյթի եւ աւանդութիւններու նուիրուած բաժիններէն բացի, գիրքի մէջ ներկայացուած է նաեւ մարզի հիւրանոցներու ու ճաշարաններու ուղեցոյցը եւ բառարանային յաւելուած մը, որպէսզի ճամբորդութիւնը ըլլայ դիւրին եւ հաճելի։

«Իմ Հայաստան» ծրագիրի ներկայացուցիչ Սայմըն Ճոնսը նշեց. «Ել. այս գիրքի շնորհիւ, մարդիկ, անկախ իրենց գտնուած վայրէն, տունէն եւ կամ պանդոկէն, կրնան ծանօթանալ Վայոց Ձորին, նախապէս ծրագրել եւ յստակ պատկերացում մը ունենալ իրենց ճամբորդութեան մասին։ Այս գիրքը կարելի է օգտագործել նաեւ ճամբորդութեան ընթացքին»։

Folklife փառատօնին, «Ուղեցոյց Կազմել» ընդհանուր բնաբանի տակ ընթացող զրոյցի ընթացքին, Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, Սայմըն Ճոնսը եւ գիտնականներ Սապրինա Փափազեանն ու Յարութիւն Մարութեանը ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնը՝ խօսելով Վայոց Ձորի ել. ուղեցոյցի կազմութեան աշխատանքի մասին։

Հայաստանի մշակութային զբօսաշրջութիւնը խթանելու միտումով, այս ամսուան սկիզբը, «Վայոց Ձոր»ն ու ՀՀՀ-ի ել. միւս գիրքերը՝ «Հայկական Բարձրաւանդակն» ու «Բացայայտենք Երեւանը» ցուցադրուեցան Պոսթընի, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող զբօսաշրջային ձեռնարկներու ընթացքին։