Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Էրիքա Վարդանեանը, որ Ուաշինթոնի համալսարանի ուսողութեան դասախօս է եւ մասնագիտացած՝ փիլիսոփայութեան մէջ, բարձր կը գնահատէ լեզուի եւ խօսքի կարեւորութիւնը. «Փիլիսոփայութիւնը զիս սորվեցուցած է կրկնակի մտածել խօսքիս, լսածիս եւ կարդացածիս մասին. բառերը իրենց ուղղակի իմաստով չեմ ընդունիր»:
Էրիքան, լեզուի հանդէպ ունեցած սիրոյն պատճառով արձանագրուեցաւ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքին: Ան մեծ ցանկութիւն ունի հայերէն լեզուով հաղորդակցելու իր հարազատներուն եւ հայկական գաղութին հետ: Իր համալսարանական դասընթացքներուն զուգահեռ, այժմ կը հետեւի ՀՀՀ-ի հայերէնի տարրական եւ նախամիջին մակարդակներուն:
Էրիքան ստացած է հայեցի կրթութիւն: Առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 2006 թուականի ամռանը, երբ 12 տարեկան էր։ Հայաստանի մէջ մասնակցած է Վարդավառին, որ իրեն համար մեծ անակնկալ էր: Իր քոյրը, ներկայիս, Ուաշինկթընի Հայ Մշակութային Միութեան գանձապահն է: Երկուքն ալ կը մասնակցին կազմակերպուող տարբեր ձեռնարկներուն: Ան կը նշէ. «Շատ հաճելի է տեսնել մեծ թիւով մարդիկ, որոնք կը հաւաքուին, պահպանելու համար մեր աւանդոյթները»:
Էրիքան կը հետեւի հայերէնի դասընթացքներուն այն ժամանկ, երբ կը գիտնայ, որ իր սորված հայերէնը կը կրէ պարսկերէնի ազդեցութիւնը. «Ես ստիպուած եմ կրկին սորվելու շատ բառեր եւ արտայայտութիւններ, քանի որ մեր ընտանիքին մէջ, անգիտակցօրէն, պարսկերէն շատ բառեր օգտագործած ենք»:
Ան ՀՀՀ-ին կը ծանօթանայ ընկերոջ մը միջոցով, որ կը հետեւէր արեւմտահայերէնի դասընթացքին: Երկու դասընթացք աւարտելէ ետք, Էրիքան կը նկատէ, որ հայերէնի իմացութիւնը բարելաւուած է եւ արդէն ազատօրէն կը հաղորդակցի տարբեր բարբառներով խօսող հայերու հետ. « Առաջ, ես կը խօսէի միայն այն բարբառով, որ լսած էի իմ ընտանիքիս մէջ: Հիմա, հարուստ բառապաշար ունիմ եւ կրնամ հաղորդակցիլ տարբեր բարբառներով խօսող հայերու հետ: Այս մէկը ինծի համար մեծ ուրախութիւն է քանի որ ես հայ գաղութի մէկ մասնիկն եմ»:
Ան կը թելաթրէ, բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ, հետեւիլ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Բարձր կը գնահատէ հեռավար ուսուցչուհիներուն աշխատանքն ու առցանց ձեռնարկներու առկայութիւնը. « Մարինան՝ իմ հեռավար ուսուցչուհիս, միշտ սիրալիր եւ համբերատար է. տեսահաղորդակցութիւններու ժամանակ համբերատար կը պատասխանէ բոլոր հարցումներուս: Միշտ կ՚օգնէ, որ սորվիմ նոր բառեր եւ բարելաւեմ խօսակցական հմտութիւններս»: Ապա կը շեշտէ. « Շատ սիրեցի ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց այցելութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ուսանողներուն, պատկերացում մը կազմելու հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին»:
Ան որոշած է արձանագրուիլ նաեւ ՀՀՀ-ի ճատրակի եւ հայոց պատմութեան դասընթացքներուն:
Էրիքան արդէն ծրագրած է կրկին այցելել Հայաստան, տեսնել Գորիսն ու Զօրաց Քարերը: Առաւել, կը փափաքի մասնակցիլ Վարդավառի տօնակատարութեան: Անշուշտ մտադիր է նաեւ այցելել ՀՀՀ-ի գրասենեակ, հանդիպելու համար Մարինայի հետ:
Հեղինակ՝ Լենա Թաշճեան