login
Ներսէն Հայեացք
«Ուզեցի հետեւիլ ճկուն մօտեցումով ծրագիրի մը. տեսայ, որ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը ամէնէն յարմարն է» - Ռազմիկ Թանաշեան 03/18/2025

Ռազմիկ Թանաշեան 27 տարեկան ճարտարագէտ է: Ծնած եւ մեծցած է Լոս Անճելըս, ԱՄՆ:   Յաճախած է հայկական վարժարան եւ կիրակնօրեայ վարժարան: Տան մէջ եւ ընկերներուն հետ միշտ հայերէն խօսած է:

 

Տարիներու ընթացքին կ'անդրադառնայ, որ հայկական կրթական միջավայրէ հեռու մնալուն պատճառով  հայերէն գրելու եւ կարդալու կարողութիւնները քիչ-քիչ սկսած են տկարանալ: Այդ իսկ պատճառով 2024 թուականին կ'որոշէ արձանագրուիլ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի Հայոց լեզուի դասընթացքին:  

 

Դասընթացքին հետեւելէ մէկ տարի ետք հարցազրոյց մը ունեցանք Ռազմիկին հետ: Ան ներկայացուց իր փորձառութիւնը եւ պարզեց, թէ լեզուի դասընթացքը ինչպիսի՛ ազրեցութիւն ունեցած է:  

 

Ազգային ինքնութիւն պահպանելու համար, Ձեր ծնողքը որեւէ ձեւով օգնա՞ծ է:

 

Ծնողքիս շնորհիւ, ես եւ քոյրերս հայկական դպրոց յաճախեցինք: Մասնակցեցանք արտադպրոցական մշակութային տարբեր գործունէութիւններու, ինչպէս՝ հայկական պար եւ դաշնամուրի դասեր՝ հայախօս ուսուցիչի  հետ: Նաեւ, ամէն տարի մասնակցեցանք հայկական ճամբարներուն, բանակումներուն: Սփիւռքի մէջ, դժբախտաբար, մարդիկ շատ արագ կրնան կորսնցնել իրենց ազգային ժառանգութիւնը, բայց ես եւ քոյրերս բախտաւոր ենք, որովհետեւ համայնքային տարբեր գործունէութիւններուն հետեւելով կրցանք պահպանել մեր ինքնութիւնը:

 

Հայոց լեզուն նպաստա՞ծ է Ձեր ինքնութեան կազմութեան: Եթէ այո՝ ինչպէ՞ս:

 

Անկասկած: Օր մը կը փափաքիմ Լոս Անճելըսի հայկական շաբաթօրեայ դպրոցներէն մէկուն մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդել: Նպատակիս հասնելու համար, որպէս նախնական պատրաստութիւն արձանագրուեցայ ՀՀՀ-ի ծրագիրին: Հիմա հայերէն գիրքեր կը կարդամ եւ համացանցի վրայ հայկական կայքեր սերտելու համար աւելի ժամանակ կը տրամադրեմ. բան մը, որ իմ համայնքիս հետ աւելի սերտ կապ հաստատելուն կրնայ նպաստել:  

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն երբ արձանագրուեցաք, ամէնէն շատ ի՞նչը գրաւեց եւ հետաքրքրեց:  

 

Ամէնէն շատ հետաքրքրեց ՀՀՀ-ի տրամադրած մատչելի առցանց հարթակը: Հայերէնի յատուկ ծրագիր մը փնտռտելուս ընթացքին նկատեցի, որ ՀՀՀ-ը ամէնէն յարմար եւ ճկուն   մօտեցումով ծրագիրն է, որովհետեւ դասերուն կրնամ հետեւիլ ազատօրէն՝  ըստ իմ նախատեսած ժամանակացոյցին:  



Նկատի ունենալով, որ լեզու մը սորվիլը յարատեւ եւ հետեւողական աշխատանք կը պահանջէ,  Ձեր աշխատանքային ժամանակացոյցը ինչպէ՞ս կազմած էք:  

 

Շաբաթական պարտականութիւններս մէկ շաբթուան տեւողութեան կը կատարեմ. այսինքն ամէն օր՝ քիչ-քիչ:  Եթէ մէկ օրուան մէջ ամբողջ պարտականութիւնս ընեմ, այդ պարագային մինչեւ յաջորդ շաբաթ հայերէն կարդալու եւ գրելու վարժութենէն պիտի հեռանամ: Կը նախընտրեմ պարտականութիւններս քիչ-քիչ, բայց ամէն օր ընել:  

 

Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք այն ծնողներուն եւ երեխաներուն, որոնք կը փափաքին պահպանել հայոց լեզուն:  

 

Կը կարծեմ, որ հայոց լեզուն պահպանելու համար ծնողները պէտք է իրենց զաւակներուն ներկայութեան հայերէն խօսին: Եթէ ծնողները իրենց բնակած երկրին լեզուն խօսին, բնականաբար զաւակներն ալ նոյնը պիտի ընեն: Առաւել երեխաները պէտք է յաճախեն հայկական վարժարան կամ շաբաթօրեայ/կիրակնօրեայ վարժարաններ ու հետեւին հայկական պարի, երաժշտութեան դասընթացքներուն եւ կամ մասնակցին հայկական երգչախումբերուն: Այսպիսով տարբեր տեղեր հայերէն խօսելու առիթը կ'ունենան: Անշուշտ շատ լաւ կ'ըլլայ, եթէ այդպիսի դասընթացքներու ուսուցիչները հայերէն խօսին. այդ մէկը անձամբ ինծի շատ օգնեց:  

 

Ապա խօսքը շարունակելով կը նշէ, թէ Լիբանանի կամ Սուրիոյ համայնքները կրցած են պահպանել հայոց լեզուն. բան մը, որ կրնայ միւս համայնքներուն օրինակ ծառայել:  Ան կ'ըսէ. «Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք իսկ անոնք պահպանած են իրենց ազգային ինքնութիւնը, հիմնելով հայկական համայնք մը՝ իր դպրոցներով, թատրոններով, մշակութային կեդրոններով, խանութներով եւ ճաշարաններով:  Երբ այդպիսի համայնքի մը անդամ ըլլաս, դժուար թէ հայերէն խօսելու կարողութիւնը կորսնցնելու վտանգի մէջ ըլլաս»:

 

Ռազմիկին ընտանիքը ծագումով  այնթապցի եւ ուրֆացի է: Հայրն ու մայրը 1980-ականներուն ԱՄՆ գաղթած են. հօր ընտանիքը՝ Հալէպէն, իսկ մօր ընտանիքը՝ Պէյրութէն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: