login
Ներսէն Հայեացք
«ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը իր ուսանողները կը խրախուսէ եւ կ'ուղղորդէ» – Մայքըլ Ֆլէնըկէն 01/11/2025

ԱՄՆ-ի Ֆիլատելֆիա քաղաքէն Մայքըլ Ֆլէնըկէնը 2018 թուականին որոշած է սորվիլ հայոց լեզուն, սակայն հայերէն խօսելու համար սենեակին մէջ դրուած հայկական դրօշակը, հայերէն քանի մը բառերու եւ արտայայտութիւններու իմացութիւնը բաւարար չէին: Քանի մը տարի ետք, ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի շնորհիւ ամէն բան կը փոխուի:


Սկզբնական շրջանին Մայքըլ բաւականին դժուարութիւն կը գտնէ: Ան կը պատմէ, որ երբ «շագանակագոյն» բառը փորձած է սորվիլ, եկած է այն եզրակացութեան, որ «հայերէնը բարդ եւ դժուար լեզու է»: Ապա կ'ըսէ. «Հայերէն խօսքը, երկար բառերը միտքդ պահելը անկարելի է»:  Այդ իսկ պատճառով, կը հրաժարի հայերէն սորվելու ցանկութենէն, բայց Հայաստանի հետ կապը պահպանելու համար կը հետեւի այլ միջոցներու.  սենեակին մէջ կը պարզէ Հայաստանի դրօշակը եւ կը ծանօթանայ ամերիկահայ նշանաւոր դէմքերուն ու կը հետեւի անունց լուրերուն:

 

2020-ին կը հետաքրքրուի Արցախի տարածքի դէպքերով, երբ Ֆիլատելֆիոյ մէջ տեղի կ'ունենան բողոքի ցոյցեր: Ան կ'ըսէ. «Ես շատ քիչ բան գիտէի Հայաստանի մասին»: Ապա խօսքը այսպէս կը շարունակէ. «Ես կը փորձէի Վարդավառի տօնին պէս ազգային տօները ճանչնալ, տոլմային պէս հայկական ուտելիքները պատրաստել, եւ միշտ կը փափաքէի, որ մեր քաղաքն ալ պուլպուլակներ ունենայ: Բայց, հասկցայ, որ առանց լեզուի իմացութեան, մշակոյթին ծանօթանալն ու տեղեկութիւն ստանալը՝ անիմաստ է»։

 

Ան Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը գտնէ հայերէն սորվելու համար առցանց աղբիւրներ պրպտելու ընթացքին. «Անմիջապէս արձանագրուեցայ Արեւելահայերէնի դասընթացքի սկսնակ մակարդակին:Դասերը օգտակար են յատկապէս այն ուսանողներուն համար, որոնք ոչինչ գիտեն հայերէնի մասին: Դասերուն տառադարձութիւնը օգնեց, որ աւելի դիւրին սորվիմ»:

 

Մայքըլին համար հայերէն երկար բառերը սորվիլ դժուար էր: Բայց, ՀՀՀ-ի շնորհիւ այդ դժուարութիւնը կը յաղթահարուի: Ան կ'ըսէ.« ՀՀՀ-ը իր ուսանողները կը խրախուսէ եւ կ'ուղղորդէ»:

 

Հիմա Մայքըլը արդէն յաջողութեամբ ամբողջացուցած է արեւելահայերէնի միջին մակարդակը եւ արձանագրուած է յաջորդող մակարդակին: Իրեն համար բացառիկ առիթ է դասերուն զուգահեռ շաբաթական հանդիպումները ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Մարիա Յարութիւնեանի հետ, խօսելու եւ լսելու հմտութիւնները զարգացնելու համար.« Որեւէ բան արագ չես կրնար սորվիլ, բայց այդ մէկը կարելի կը դառնայ սորվելով եւ հոյակապ ուսուցչուհիի մը աջակցութիւնը վայելելով»:    

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Մարիամ Յարութիւնեան կը նշէ, որ Մայքըլը շատ պարտաճանաչ ուսանող է. «Դասերը լաւ կը սորվի եւ բոլոր հանդիպումներուն անպայման ներկայ կը գտնուի: Պարտաճանաչ է. կարճ ժամանակի ընթացքին կրցաւ զարգացնել հայերէն խօսելու ունակութիւնները»:

 

Մայքըլը ոգեւորուած է եւ կը փափաքի աւելի տիրապետել արեւելահայերէնին. «Յառաջդիմութիւնս կը գնահատեմ ըստ հեռավար ուսուցչուհիիս՝ Մարիամին միջամտութիւններուն, այսինքն նկատի կ'ունենամ, թէ ան քանի՛ անգամ կ'ընդհատէ խօսքս, անգլերէն բառերը հայերէնի թարգմանելու համար: Վստահ եմ, որ երբ Հայաստան այցելեմ, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի շնորհիւ պիտի կարենամ վայելել այդ այցելութեան ամէն մէկ վայրկեանը:

 

Շնորհակալ եմ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին, լաւ ծրագրուած եւ անվճար դասընթացքներուն համար: Անոնք որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ, անպայման  թող հետեւին ՀՀՀ-ի  դասընթացքներուն»: