Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Մոսկուա ծնած եւ ապրած ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողուհիներէն Քարինա Հայրապետովան եւ իր ընտանիքը միշտ փորձած են պահպանել հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: Թէեւ Հայաստան այցելելու առիթներ շատ չէ ունեցած, բայց միշտ խօսած է իր նախնիներուն բարբառով՝ Լոռիի բարբառով:
Իր վկայութեամբ, ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի դասընթացքներուն շնորհիւ (ՀՀՀ) հայերէնի իմացութիւնը բարելաւուած է: Ան կ'ըսէ. «Տան մէջ, հարազատներուս հետ հայերէն կը խօսիմ: Անոնց մեծ մասը բարբառով կը խօսի, բայց ես կը փորձեմ գրական հայերէնով խօսիլ»:
Ուսումնառութեան ընթացքին անդրադառնալով կը նշէ. «Հաճելի է հանդիպիլ հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած հայ եւ օտար այնպիսի ուսանողներու, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ»:
Ժամանակի ընթացքին, Լեզուի դասընթացքէն բացի կը հետեւի նաեւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Հայոց պատմութեան դասընթացքին, որ կը համարէ. «շատ կարեւոր եւ հետաքրքրական»:
Ան կ'ըսէ.«ՀՀՀ-ի շնորհիւ սորվեցայ, որ անծանօթներու հետ հայերէնով հաղորդակցելէ պէտք չէ վախնամ: Հիմա արդէն աւելի ինքնավստահ եմ, շնորհիւ Հայոց լեզուի եւ Հայոց պատմութեան առնչուող իմ ունեցած գիտելիքներուս»:
Քարինայի նախնիները տարբեր տեղերէ են՝ Վանաձորէն, Արցախէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն: Ան կը նշէ. «Հայաստան այցելելու առիթ թէեւ շատ չեմ ունեցած, բայց Երեւանէն Վանաձոր երթալու ատեն, ճամբան, հպարտութեամբ, ուրախութեամբ եւ թախիծով միախառնուած քաղցր յոյզեր միշտ ապրած եմ: Այստեղ կեանքը իր հունով կ'ընթանայ, իսկ ես, հեռու եմ այս ամէն ինչէն...»:
Քարինան կ'ուզէ նպաստել հայկական մշակոյթի պահպանման՝ Հայաստանէն դուրս: Այս իսկ պատճառով որոշած է շարունակել իր ուսումը՝ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն հետեւելով: Ան կ'ըսէ. « ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը լաւագոյն միջոցն է Հայոց լեզուն սորվելու եւ համախոհ մարդոց հետ հանդիպելու համար: ՀՀՀ-էն ստացած ուսումս դրական ազդեցութիւն ունեցաւ»:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի 15 ամեակի առթիւ Քարինան յղած է շնորհաւորանք մը, որ կրնաք տեսնել սեղմելով այստեղ: