login
Ներսէն Հայեացք
Իմ Երազանքներու Երկիրը 11/30/2017

«Փաստաթուղթերը յանձնած եմ: Ընդունուած եմ: Երեւան: Իմ երազանքներու երկիր»:

Դիմատետրի վրայ այս գրառումը կատարած է 18 տարեկան Էրիք Գրիգորեանը, երբ գիտցած է, որ արդէն ընդունուած է Երեւանի համալսարաններէն մէկը։Անոր համար համալսարան ընդունուիլը յատուկ իմաստ կ՚ունենայ, որովհետեւ կը հանդիսանայ հայկական էութեան բացայայտման սկիզբը։

Թիֆլիսի մէջ, հայկական ջերմ ընտանիքի երդիկի տակ հասակ առած Էրիքը կ՚ըսէ. «Վրաստան ապրող հայկական միւս ընտանիքներուն պէս, մենք ալ աւելի շատ ռուսերէն կը խօսինք։ Ծնողներս եւ մեծ մայրս հայերէն կը խօսին, բայց չեն կրնար կարդալ եւ գրել»։ 12 տարեկանին թէեւ փորձած է հայերէն սորվիլ, բայց դժուարութեան պատճառով կը հրաժարի։

Ամէն ինչ կը փոխուի 2015-ին, երբ կը մասնակցի Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագիրին։ Ան կը նշէ. «Սիրտս յուզմունքէն կը թրթռայ եւ կը հասկնամ, որ պէտք է հայերէն սորվիմ այնպէս մը, որ ոչ ոք ինձմէ խլելու կարելիութիւնը ունենայ։ Այս առաջին այցելութեան ընթացքին կը ծանօթանայ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի կրթական ծրագիրին, որուն անմիջապէս կը մասնակցի, արձանագրութեան թերթիկին մէջ նշելով. «Ես հայերէն սորվիլ կ՚ուզեմ, որովհետեւ հայ եմ»։

Հակառակ նախկին փորձառութեան, ՀՀՀ-ի միջոցով հայերէն սորվիլը հաճելի եւ հետաքրքրական եղած է։ Իր նոր փորձառութեան մասին այսպէս կը պատմէ.« «Հայերէն սորվիլ, առցանց, ցանկացած ժամուս, շատ յարմար է։ Այս դարուս, համակարգիչը եւ համացանցը շատ կ՚օգտագործենք։ Անոր համար ալ առցանց կրթութիւնը աւանդականէն աւելի հդտաքրքրական է եւ ներգործօն»։ Ան փորձած է կարելի եղածին չափ պարտաճանաչ ըլլալ, հանդիպիլ ուսուցչուհիին հետ՝ տեսահաղորդակցութիւններու ընթացքին, մասնակցիլ ընկերային առցանց ձեռնարկներուն եւ այլ ուսանողներու հետ՝ խմբային քննարկումներուն։

Երեք տարիներու ընթացքին Էրիկը գերազանց կ՚աւարտէ արեւելահայերէնի դասընթացքը (11 ուսումնական շրջան): Ան կը հաստատէ. «Եթէ պիտի յաջողիս, ապա պիտի սիրես կատարած գործդ։ Ոչ ոք կրնայ համոզել քեզ կատարել այն՝ ինչ չես սիրեր»։ Այս ճշմարտութիւնը իրեն հաղորդած է իր հայրը, որուն մասին այսպէս կը պատմէ.« Երբ հայրս պատանի էր, կ՚ուզէր ժամագործ դառնալ: Այսօր ան Թիֆլիսի լաւագոյն ժամագործ-վարպետներէն է եւ կրնայ վերանորոգել տարբեր ժամացոյցներ»։

Էրիքը կը ձգտի իրագործել իր նպատակները. «Գոհարը՝ իմ հեռավար ուսուցչուհին կ՚ըսէր, որ ես շատ վճռական եւ նպատակասլաց անձ եմ»: Վերջերս, երբ Էրիքը այցելեց ՀՀՀ-ի գրասենեակը, մենք տեսանք, որ ան շատ լաւ կրնար հայերէն խօսիլ. փաստօրէն իր աշխատասիրութեան եւ նուիրուածութեան շնորհիւ ան կրցած է հասնիլ իր նպատակին։

Էրիքը միշտ կը մասնակցի Թիֆլիսի հայկական համայնքի ընկերային կեանքին եւ կը քաջալերէ ընկերները, որ կառչած մնան հայկական արմատներուն. «Վրաստանի մէջ ունիմ ընկերներ, որոնց համար հայերէն սորվիլը կարեւոր բան մը չէ: Ես անոնց կ՚ըսեմ, որ մենք միշտ պէտք է յիշենք մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը եւ լեզուն»:

Էրիքի ամենամեծ երազն էր, որ համալսարանական կրթութիւնը ստանայ Հայաստանի մէջ։ Այս ուսումնական տարեշրջանին ան ընդունուած է Երեւանի հայ-ռուսական (սլաւոնական) համալսարանը եւ կ՚ապրի իր կեանքի նոր հանգրուանը՝ երազած երկրին մէջ։

Էրիքը այսքանով չի բաւարարուիր։ Ան կը փափաքի ընդլայնել իր գիտելիքները եւ մասնակցիլ ՀՀՀ-ի միւս ծրագիրներուն։

Ան կը հաստատէ. «ՀՀՀ-ը հիանալի միջոց մըն է հայերէն լեզուն սորվելու եւ մշակոյթին ծանօթանալու համար։ Հիմա ես հպարտօրէն կը յայտարարեմ, որ հայ եմ, քանի որ կրնամ կարդալ, գրել եւ խօսիլ իմ մայրենի լեզուով»: