login
Ներսէն Հայեացք
«Երբեք չէի պատկերացներ, որ զիս կրնայ գրաւել օտար մշակոյթ մը» 03/26/2024

Նոէլիա Ռոտէսը Արժանթինի Ռոզարիօ Ազգային համալսարանի (UNR) մէջ հայերէն սորվող հարիւրաւոր ուսանողներէն  է: 


Երկու տարի առաջ, իր քոյրը, որ Ռոզարիօ համալսարանի ուսանող էր, լուր կու տայ, թէ  համալսարանին մէջ սկիզբ առած է լեզուի դասընթացքի նոր ծրագիր մը: Հիպրիթ մեթոտով առաջնորդուած այս ծրագիրը Նոէլիայի համար բացառիկ առիթ էր՝   խիստ զբաղուածութեան պատճառով: 


Այս ծրագիրին շնորհիւ, նոր ուսանողները, տարբեր լեզուներու շարքին առիթն ունեցան հետեւելու նաեւ հայոց լեզուի դասընթացքին: 2021-ին հաստատուած համագործակցութենէ ետք, Ռոզարիօ Ազգային համալսարանը  Լատին Ամերիկայի առաջին համալսարանն է, որ իր կրթական ծրագիրէն ներս ներառած է ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքները: 
Թէեւ հայկական ծագում չունէր, բայց Նոէլիան կ'որոշէ հետեւիլ Հայոց լեզուի դասընթացքին: 


«Երբ լեզուներու ցանկին նայեցայ, ուշադրութիւնս գրաւեց հայոց լեզուն: Յիշեցի լրագրող Ալպէրթօ Լոթուֆի ձայնասփիւռի հաղորումը՝ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առթիւ: Այդ հաղորդումը շատ յուզիչ էր»:  
Այս էր, որ Նոէլիային մղեց հետեւելու հայոց լեզուի դասընթացքին, որուն հետեւեցաւ երկու տարի եւ դասընթացքը ամբողջացուց մեծ յաջողութեամբ: Ան հպարտ է, որ աւարտած է լեզուի դասընթացքը:
ՀԲԸՄ, ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին միջոցով ան ծանօթացաւ հայկական մշակոյթին, զոր հմայիչ մէկ աշխարհ կը համարէ:

 

«Երբեք չէի պատկերացներ, որ զիս կրնայ գրաւել օտար մշակոյթ մը:  Ամէն Երկուշաբթի եւ Չորեքշաբթի անհամբեր կը սպասէի մէկ ու կէս ժամ տեւող մեր դասերը ՝ Էլենա Աշճեանի հետ, որ իւրայատուկ ուսուցչուհի է:  Ան մեծ սիրով ու համբերութեամբ մեզի կը սորվեցնէր  հայոց լեզուն եւ կը ծանօթացնէր հայկական մշակոյթը: Իմ դասարանս՝ հոյակապ դասընկերներս, ինծի հետ այնքան լաւ կը վարուէին, որ կը կարծէի, թէ ես ալ հայկական ծագում ունիմ»: 


Նոէլիային յատկապէս զարմանք պատճառած էր դասընկերներուն  պատմութիւնները իրենց նախնիներուն մասին, որոնք քաջաբար պայքարած են եւ  իրենց  ինքնութիւնը պահպանած են:


Փրոֆ. Էլենա Աշճեան Նոէլիայի եւ անոր դասընկերներուն հետ երկամեայ երթը կը համարէ բեղմնաւոր եւ արժէքաւոր. «Որպէս ուսուցիչ՝ հպարտ եմ, որ Ռոզարիօ Ազգային համալսարանի ուսանողներուն համար հանդիսացայ միջոց, որպէսզի սորվին հայոց լեզուն եւ տեղեկութիւն ստանան Հայաստանի մասին: Հիանալի փորձառութիւն մըն էր: Լեզուի դասերու միջոցով ծանօթացան մէկ այլ մշակոյթի եւ ընկերային նոր կապեր հաստատելու հնարաւորութիւնն ունեցան»:
 

«Շնորհակալ եմ, որ դասախօսիս հետ հայոց լեզուն սերտելու առիթն ունեցայ:  Շնորհակալ եմ Ռոզարիօ Ազգային համալսարանին եւ  Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր՝ Երուանդ Զօրեանին, հայկական մշակոյթի պահպանման նպաստելնուն համար»: 
 

ՀԲԸՄ, ՀՀՀ հիպրիթ կրթական ծրագիրը աւանդական եւ առցանց կրթութեան զուգորդումն է: Այս ծրագիրը կը կազմակերպէ նաեւ մշակութային եւ ընկերային առցանց ձեռնարկներ, որոնք կ'իրագործուին հեռավար ուսուցիչներու  կողմէ: Ծրագիրին կը հետեւին 66 դպրոց եւ համայնքային կեդրոն, իսկ  ուսցումը կը կատարուի 8 լեզուներով: