Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ամալիան Լոռեցի երիտասարդ աղջիկ մըն է։ Անոր կեանքը կտրուկ փոփոխութիւններու կ՚ ենթարկուի, երբ տեսողութիւնը շատ կը տկարանայ եւ ստիպուած իր դպրոցական ուսումնառութիւնը կը շարունակէ յատուկ կարիքներ ունեցող մարդոց համար նախատեսուած դպրոցէն ներս:
Ծնած է Տաշիր, 1992-ին: Ծնողները տաշիրցի են, բայց մեծ մայրն ու մեծ հայրը ներգաղթած են Արեւմտեան Հայաստանէն` Ալաշկերտէն:
Իր մանկութիւնը անցուցած է Լոռիի հրաշալի բնութեան գիրկը, շնչելով Ալպիական լեռներու մաքուր օդը եւ վայելելով ընկերներուն ու դրացիներուն ջերմութիւնը։
2007-ին, երբ 8-րդ դասարան էր, Տաշիրի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցէն տեղափոխուած է Երեւանի թիւ 14 դպրոցը, որ նախատեսուած է յատուկ կարիքներ ունեցող մարդոց համար:
Այժմ, ան կ՚ապրի Երևան, իր մօր եւ քոյրերու հետ: Հայրը մահացած է, երբ դեռ շատ փոքր էր։ Մայրը, որ կ՚աշխատէր իբրեւ գրադարանավար, իր աշխատանքին զուգահեռ կը հոգար երեխաներուն կարիքները։
Սկիզբը, Ամալիան դժուարութեամբ կը յարմարի նոր դպրոցի համակարգին, բայց, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, շատ շուտ կը տիրապետէ Պրայլեան այբուբենին: Մինչ այդ Մերգելեան ինստիտուտէն ճարտարագէտ մը կը ստեղծէ նոր ծրագիր՝ ‹‹Արեւ›› անունով, որուն շնորհիւ Ամալիան կը շարունակէ ուսումը, օգտուելով համակարգիչի ու համացանցի ընձեռած հնարաւորութիւններէն:
Ամալիայի վկայութեամբ. ‹‹ Արեւի ջերմութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կայ: Աշխարհը՝ այդպէս ստեղծուած է: Մեզմէ շատեր իրենց մէջ կը պահեն զայն, որպէսզի չյոգնին կեանքի դժուարութիւններէն: Շատ քիչ մարդիկ կրնան իրենց ջերմութիւնը բաժնել եւ երջանկացնել ուրիշները: Այդ քիչերէն մէկն է իմ ուսուցչուհին ››:
Դպրոցի մէջ Ամալիան սորված է հայոց լեզու, համաշխարհային պատմութիւն, մշակոյթ եւ անգլերէն լեզու: Աշակերտական տարիներուն ստացած է բազմաթիւ գրական մրցանակներ: Միշտ երազած է գրող ըլլալ: Այդ իսկ պատճառով արձանագրուած է Հայկական Համացանցային Համալսարանի հայոց պատմութեան դասընթացքներուն, զարգացնելու համար իր գիտելիքները։ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին տեղեկացած է համացանցէն, 2010-ին:
Ամալիան կը նշէ. ‹‹Ինծի համար դժուար էր ամէն օր յաճախել համալսարան եւ մասնակցիլ դասերուն: Այդ իսկ պատճառով ՀՀՀ-ն լաւագոյն հնարաւորութիւնն էր: Ես ընտրեցի հայոց պատմութեան դասընթացքները, որովհետեւ ուզեցի ծանօթանալ իմ հինաւուրց ժողովուրդի պատմութեան փառահեղ էջերուն›› :
Ըստ Ամալիայի` ՀՀՀ-ն ուսանողներուն կը ներկայացնէ շատ լաւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն: Ան կ՚ըսէ. ‹‹Ծրագիրը այնքան յագեցած է, որ ես անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ ուսումնական շրջանին›› : Ապա խօսքը շարունակելով, կ՚ըսէ. ‹‹Աւարտելէ ետք կը ցանկամ ՀՀՀ-ի իմ վարկանիշներս փոխանցել այլ ուսումնական հաստատութիւն եւ բարձրագոյն կրթութիւնս շարունակել արտասահմանի մէջ: Կը ցանկամ, որ ապագային աւելի շատ ուսանողներ օգտուին ՀՀՀ-ի ընձեռած հնարաւորութենէն ›› :
Ուսուցչուհին կը հաստատէ, որ Ամալիայի հետ օնլայն քննարկումները միշտ չափազանց հետաքրքրական ընթացած են, իսկ տնային առաջադրանքները ան միշտ կատարած է մեծ հաճոյքով եւ պատրաստակամութեամբ։
Հեղինակ՝ Յարութ Էքմանեան