login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, Smithsonian Հաստատութիւնը Եւ USAID-ը Պիտի Հրապարակեն Վայոց Ձորի Զբօսաշրջութեան Նուիրուած Մուլթիմետիա Ել. Գիրք 10/21/2016
21 Հոկտեմբեր 2016-էն, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը պաշտօնապէս սկսաւ համագործակցիլ USAID-ի (ԱՄՆ ՄԶԳ) հիմնած եւ Smithsonian հաստատութեան կողմէ իրագործուած «Իմ Հայաստան» ծրագիրի հետ։ Համագործակցութեան նպատակն է՝ պահպանել մշակոյթը եւ խթանել Հայաստանի Վայոց Ձոր շրջանի զբօսաշրջութիւնը։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն՝ մարզին նուիրուած ել. գիրքի համատեղ հրապարակումին մասին։ Սոյն հրատարակութիւնը պիտի հանդիսանայ ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու շարքի մէկ մասը։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի Նախագահ եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Վազգէն Եագուպեանը նշեց. «Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի հիմնական, արագ զարգացող ոլորտներէն մէկն է։ Հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, այսինքն նպաստելով Հայաստանի հասարակական-տնտեսական զարգացումին, ՀԲԸՄ-ը կը մասնակցի այսպիսի նորարարական ծրագիրներու զարգացման աշխատանքներուն։ Այսօրինակ աշխատանքները կը նպաստեն, որ Հայաստանը դառնայ իւրօրինակ զբօսաշրջային երկիր»։ «Վայոց Ձոր» ել. գիրքը հասանելի պիտի ըլլայ smart phones, tablets եւ web browsers օգտագործողներուն։ Այս գիրքը պիտի ներկայացնէ Վայոց Ձորը՝ պատմականօրէն եւ աշխարհագրականօրէն, ինչպէս նաեւ պիտի ընդգրկէ հարուստ տեղեկութիւններ ճարտարապետութեան, հնագիտութեան, մարզական միջոցառումներու եւ տարբեր տօնակատարութիւններու մասին։ ՀՀՀ-ի ել. գիրքեդու ներբեռնումը անվճար է եւ հասանելի է եօթը լեզուներով։ Առաջին երկու գիրքերն են «Հայկական Բարձրաւանդակը» եւ «Բացայայտենք Երեւանը»։ Շուտով պիտի հրապարակուի երրորդ գիրքը՝ «Դար Մը Պատմութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան»։ ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Դոկտ. Ե. Զօրեան հաստատեց. «Այս ծրագիրը, միանալով Հայկական Համացանցային Համալսարանի առաքելութեանը եւ ջանքերուն, կը միտի հայկական մշակոյթը ծանօթացնել ամբողջ աշխարհին»։ Ապա նշեց. «Նկատի ունենալով ել. գիրքերու տարածումը, կրնանք հաստատել, որ հայ մշակոյթը նորագոյն եւ արդի ձեւով ներկայացնելու լաւագոյն միջոցը ելեկտրոնային հրատարակութիւնն է։ Մենք ուրախ ենք, որ Smithsonian-ը եւ USAID միտում ունին զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու Հայաստանի մէջ։ Այս համագործակցութիւնը ոգեւորող է։ «Վայոց Ձոր» ել. գիրքը պիտի հանդիսանայ Հայաստանի մարզերուն նուիրուած առաջին հրապարակումը»։ Smithsonian հիմնարկը ԱՄՆ-ու մէջ հաստատուած աշխարհի ամենամեծ թանգարանն է եւ գիտահետազօտական կեդրոնը։ Այստեղ, ամէն տարի, այցելուներուն թիւը կը հասնի աւելի քան 30 միլիոնի։ Ներկայացուցչութիւններ ունի 130 երկիրներու մէջ։ Նպատակն է խթանել մշակութային հաղորդակցութիւնը, ուսումնասիրել եւ հովանաւորել մշակութային ժառանգը։ Smithsonian-ի իրականացուցած «Իմ Հայաստան» ծրագիրի նպատակն է զարկ տալ մշակութային զբօսաշրջութեան՝ Երեւանէն դուրս։ Առ այդ կը խթանէ գիտական հետազօտութիւնները, կը տրամադրէ կրթաթոշակներ, կ՚աջակցի արհեստագիտութեան զարգացման եւ ընդհանրապէս շեշտը կը դնէ զբօսաշրջութեան ասպարէզի արդի մօտեցումի զարգացման վրայ։ Սոյն հաստատութեան օտար եւ հայ հետազօտողները, աշխատելով տարբեր շրջաններու մէջ պիտի բացայայտեն իւրաքանչիւր շրջանի առանձնայատկութիւնը, ինչպէս՝ խոհանոցը, արհեստը, արուեստը, երաժշտութիւնը, պարարուեստը եւ աւանդութիւնները։ Ապա, ի մի բերելով տեղեկութիւնները, պիտի զետեղուին ՀՀՀ-ի ել. գիրքին մէջ՝ Հայաստանի մշակութային, պատմական եւ գեղարուեստական հարստութիւնները զբօսաշրջիկներուն ներկայացնելու համար։ Smithsonian-ի «Իմ Հայաստան» ծրագիրի ղեկավար Օ. Մեսմըր յայտնեց. «Մեր նպատակն է ցոյց տալ, թէ կարելի է արդիւնաւէտ կապ ստեղծել մշակոյթի եւ տնտեսութեան զարգացման միջեւ։ «Իմ Հայաստան» ծրագիրի գիտաշխատողներու փորձառութեամբ ու ջանքերով եւ այս ծիրէն ներս համագործակցելով մեր գործընկերոջ՝ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հետ, պիտի նպաստենք Հայաստանի գիւղական բնակավայրերու տնտեսութեան աճին, օգնելով, որ բարձր մակարդակով ներկայացուին հայկական մշակութային արժէքները»։