ՀՀՀ-ն Ուղիղ Կապով Կը Հեռարձակէ Գալիֆորնիայի Պերքլի Համալսարանի Հայագիտական Ծրագիրի Կազմակերպած Գիտաժողովը
04/18/2015
18 Ապրիլ 2015-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը ուղիղ կապով հեռարձակեց Գալիֆորնիայի Պերքլի համալսարանի Հայագիտական Ծրագիրի կազմակերպած գիտաժողովը, որ կը կրէր «Հայոց Ցեղասպանութեան Սկզբնաւորումը» վերնագիրը: Գիտաժողովի ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան 1912-1915 ճակատագրական տարիները: Անուանի գիտնականները քննարկեցին հայոց ցեղասպանութեան սկզբնապատճառի ներքին եւ արտաքին դրդապատճառները:
Գիտաժողովը սկիզբ առաւ Գալիֆորնիայի Պերքլի համալսարանի Հայագիտական Ծրագիրի տնօրէն Փրոֆեսոր Ստեփան Աստուրեանի ելոյթով։ Ան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտութեան բնագաւառի զարգացումի եւ հեռանկարներու մասին։ Փրոֆեսոր Ռոնալտ Գրիգոր Սունիին ելոյթը հիմնուած էր « Անոնք Կրնան Ապրիլ Անապատի Մէջ, Բայց, Ուրիշ Տեղ, Երբեք» խօսքին վրայ։ Ան քննարկեց երիտթուրքերու բնաջնջման քաղաքականութեան տարրերը, բացայայտելով, թէ ե՞րբ կրնանք զանգուածային կոտորածները ցեղասպանութիւն համարել։
Միչիկանի համալսարանի թուրք փրոֆեսոր Ֆաթմա Միւկէ Կիւչեքը անդրադարձաւ թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով հայերու դէմ իրականացուած բռնութեան չորս դէպքերուն, ըստ ժամանակագրութեան։ Ան նշեց. « Մինչեւ այսօր չեն դատապարտուած հայերու դէմ իրագործուած բռնութիւնները՝ 1890-ի կոտորածները, 1915-ի ջարդը, հանրապետականներու շրջանի կոտորածները եւ ոչ ալ վերջերս իրագործուած Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը»։
Գալիֆորնիայի Պերքլի Համալսարանի փրոֆեսոր Մարգարիտ Լաւինիա Անտերսընը հաստատեց. «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը կայունութիւն կ՚ուզէին եւ ոչ թէ տարածք»: Հակառակ անոր, մեծ պետութիւններու անտարբեր կեցուածքը պատճառ դարձաւ, որ Ապտիւլ Համիտն ու Երիտ Թուրքերը իրագործեն իրենց ծրագիրները։ Այս մասին խօսեցան Նիդեռլանտներու Լեյտընի համալսարանի Փրոֆեսոր Էրիք - Ժան Զիւրչերը, Էտինպուրկի համալսարանի Փրոֆեսոր Տոնալտ Պլոքսհըմը, անկախ գիտնական եւ խորհրդատու Կարապետ Մոմճեանը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի գիտնական Ռուբէն Սաֆրաստեանը:
Գերմանիայի Ժամանակակից Արեւելագիտութեան Կեդրոնի գիտնական Եքթան Թիւրքյըլմազ իր յետադարձ քննարկումով փաստեց, որ թուրքերու ծրագրած զանգուածային տեղահանութիւնն ու կոտորածը անկանխատեսելի էին նոյնիսկ թրքական կառավարութեան մօտեցած հայ մտաւորականներուն համար:
Նիդեռլանտներու Ուտրեխտի համալսարանի գիտնական Ուղուր Ումիթ Իւնկէօր, աշխարհագրական քարտէզով, ցոյց տուաւ հայ ժողովուդի մարդահամարի տուեալները՝ 1917-էն առաջ եւ անկէ ետք։ Պարզուեցաւ սարսափելի պատկեր. ցեղասպանութենէն առաջ, մեծ մասամբ հայերով բնակեցուած տարածքի մէջ, այսօր, այլեւս հայեր չկան։
Գիտաժողովը մեծապես նպաստեց հայոց ցեղասպանութեան հետազօտութեան բնագաւառի զարգացմանը եւ յառաջացուց աշխոյժ քննարկում գիտաժողովի խօսնակներու եւ ներկաներու միջեւ:
Ձեռնարկի ուղիղ հեռարձակումը ՀՀՀ-ի ուեպինարներու շարքի մէկ մասը հանդիսացաւ։ Այս շարքի նպատակն է շրջանցել աշխարհագրական սահմաններն ու ժամային գօտիները եւ առցանց մասնակցիլ տարբեր սեմինարներու, գիտաժողովներու, համաժողովներու եւ հանրային լսարաններու, որոնք կը ներկայացնեն հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի արդի հետազօտութիւնները:
Դիտեցէ՛ք գիտաժողովի ձայնագրուած տեսանիւթը, սեղմելով այս յղումը: