Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ՀՀՀ-ը մեծ եռանդով նպաստեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ամառնային ծրագիրներու իրականացման:
Կրթական ծրագիրներն էին՝ ՀԲԸՄ «Երաժշտական Հայաստան»ը եւ ՀԲԸՄ Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրը: Նպատակն է ծանօթացնել հայկական արժանիքները եւ կրթութեան ու ընկերային կապերու միջոցով ի մի բերել աշխարհի տարբեր կողմերը ապրող մարդիկը:
ՀՀՀ-ը հաւատարմագրուած հայագիտական առցանց հաստատութիւն մըն է՝ առցանց դասաւանդման աւելի քան 10 տարուան փորձառութեամբ: Իր կազմակերպած առցանց ձեռնարկներով կը զարգացնէ մասնակիցներուն գիտելիքները՝ հայկական մշակոյթի մասին:
Այս ամառ, ՀԲԸՄ-ի «Երաժշտական Հայաստան» եւ Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրի երիտասարդ մասնագէտներուն համար ՀՀՀ-ը 5 ձեռնարկ կազմակերպեց:
Յունիս 25-ին, «Երաժշտական Հայաստան»էն խումբ մը ուսանողներ մասնակցեցան հայկական երաժշտութեան հանճարեղ ներկայացուցիչին՝ Կոմիտասին նուիրուած առցանց ձեռնարկին: ՀՀՀ-ի հեռավար աւագ ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեանը ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական քննարկում:
Յաջորդ օր, «Երաժշտական Հայաստան»էն ուրիշ խումբ մը, ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի ղեկավար Մարինա Խաչատուրեանի հետ առցանց այցելեց Մատենադարան՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ: Մասնակիցները ձեռագիր մատեաններուն ծանօթացան եւ հետաքրքրական հարցումներ հարցուցին:
«Երաժշտական Հայաստան»ի մասնակիցներուն համար կազմակերպուած վերջին ձեռնարկը նուիրուած էր հայ նշանաւոր երգահան եւ խմբավար՝ Արամ Խաչատուրեանին: Մասնակիցները առցան այցելեցին Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ստացան հանճարեղ խմբավարի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին:
Յուլիս 17-ին, Նիւ Եորքէն եւ Պոսթընէն ՀԲԸՄ -ի Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրին միացած ուսանողներուն համար ՀՀՀ-ը կազմակերպեց առցանց այցելութիւն մը դէպի Սերկէյ Փարաճանովի թանգարան: ՀՀՀ-ի հեռավար աւագ ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեանի առաջնորդութեամբ, ներկաները ծանօթացան թանգարանին, Փարաճանովի կեանքին եւ գործունէութեան: Այս ձեռնարկը առիթ մըն էր երիտասարդ սփիւռքահայերուն, որ ընկերային կապ հաստատեն իրարու հետ եւ աւելի կապուին իրենց արմատներուն:
Քանի մը օր ետք, դարձեալ Յուլիսին, ՀՀՀ-ը Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրին հետեւողներուն համար ուրիշ ձեռնարկ մը կազմակերպեց: Այս անգամ կրթական բաժինի ղեկավար՝ Մարինա Խաչատուրեանը ներկայացուց հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր ճակատամարտերը՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլասայի ճակատամարտերը: Ձեռնարկի աւարտին ներկաները առցանց այցելեցին Սարդարապատի յուշահամալիրն ու թանգարանը եւ ծանօթացան հայ ազգային հերոսներու կեանքին եւ սխրագործութիւններուն:
«Երաժշտական Հայաստան»ը տասնօրեայ յագեցած ծրագիր է: Ամէն տարի տեղի ունեցող այս ծրագիրին կրնան միանալ բոլոր երաժիշտներն ու երաժտասէրները:
ՀԲԸՄ -ի Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրը 8 շաբաթեայ ծրագիր է: Ամէն տարի տեղի ունեցող այս ծրագիրին նպատակն է մասնագիտական – ուսումնական ոլորտէն ներս գործնական փորձառութիւն ձեռք ձգելու հնարաւուրութիւն ընձեռել եւ համախմբել աշխարհատարած հայ երիտասարդները: