login
Ներսէն Հայեացք
Սէրս Հայերէնի Հանդէպ Ծնունդ Առաւ Հայ Գրողներու Ստեղծագործութիւններու Շնորհիւ 11/29/2019

«Հայկական հեքիաթները այսպէս կ՚աւարտին. երկինքէն ինկաւ երեք խնձոր՝ մէկը պատմողին, միւսը լսողին, իսկ երրորդը՝ խելօք կեցողին։ Ափսո՜ս, պատմութիւնը գրողին՝ խնձոր չկայ»։     Նէնսի Ուիլըրտ

 

Եթէ ինքզինքս համեմատեմ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) ուսանողներու մեծամասնութեան հետ, ապա պէտք է հաստատեմ, որ ծագումով հայ չեմ։ Հայոց լեզուն սկսայ սորվիլ, որովհետեւ սիրեցի հայերէնը՝ շնորհիւ հայ տաղանդաւոր գրողներու, որոնք այս գեղեցիկ եւ իւրայատուկ լեզուով ստեղծագործեցին գրական գոհարներ, համաշխարհային գլուխ գործոցներ։

 

Հայ գրականութեան ծանօթացայ քանի մը տարի առաջ, երբ համալսարանէն ներս աշխատելու ընթացքին, հայ գործընկերոջս հետ մտերիմներ դարձանք։ Պարզուեցաւ, որ երկուքս ալ կը սիրենք դասական գրականութիւնը։ Իրմէ խնդրեցի, որ յանձնարարէ ստեղծագործութիւն մը՝ ընթերցելու համար։ Փորձեց գտնել անգլերէնի թարգմանուած լաւ տարբերակներ, բայց այդպիսիներու թիւը շատ քիչ էր։ Անոր համար սկսանք թարգմանել հայ մեծ վիպասան՝ Ռաֆիի վէպերէն մէկը։ Թարգմանութեան ընթացքին ընկերս դարձաւ հայերէնի պատասխանատուն, իսկ ես՝ անգլերէնի։

 

Այս հաճելի համագործակցութեան արդիւնքն է՝ Sophene Armeniaca (լատիներէն՝ Հայաստանէն) համախմբումը, որուն նպատակն է հայ դասական գրականութիւնը աւելի հասանելի դարձնել՝ ընթերցասէր նոր սերունդին։

 

Համագործակցութեան համար հայերէնի բացառիկ իմացութեան կարիքը չունէի, բայց բարձր գնահատելով մեր թարգմանած ստեղծագործութիւններու արժէքը, հայերէնին տիրապետելու կարիքը զգացի, հայ դասական գրականութեան աւանդոյթները լաւ ճանչնալու համար։ Ես կը հաւատամ, որ թարգմանական աշխատանքը կարեւոր է, բայց այսուամենայնիւ գրական գործի մը բնօրինակի ընթերցումը՝ իրեն յատուկ հմայքը ունի։ Անկախ թարգմանիչի կարողութիւններէն եւ հեղինակի միտքը հասկնալու հմտութենէն, կան գաղափարներ, որոնց խորքը կարելի է ըմբռնել միայն բնագիրը ընթերցելու ժամանակ։

 

Հայոց լեզուի երկու ճիւղերը ուսումնասիրելէ ետք, որոշեցի արեւմտահայերէն սորվիլ։ Արեւմտահայերէնը, որ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին շատ մեծ փոփոխութիւն չէ կրած (օրինակ պահպանած է աւանդական ուղղագրութիւնը), կրնայ օգտակար հանդիսանալ կարդալու եւ ճանչնալու ԺԹ դարու գրականութիւնը։ Իմ ապրած միջավայրիս մէջ, արեւմտահայերէն սորվելու հնարաւորութիւնը չկայ, անոր համար հետեւեցայ Հայկական Համացանցային Համալսարանի առցանց դասընթացքներուն։ Հաճոյքով կ՚ուզեմ նշել, որ հեռավար ուսուցչուհիս՝ Անի Տեկիրմէնճեանը, շատ բարեհամբոյր է. ես անհամբեր կը սպասեմ skype-ով խօսելու մեր հանդիպման պահերը։ Ան միշտ կը քաջալերէ իր ուսանողները եւ անկարելին կ՚ընէ՝ օգտակար դառնալու համար։ Բախտաւոր եմ, որ ունիմ իրեն պէս ուսուցչուհի մը, որ արդէն դարձած է իմ ընկերուհիս։

 

ՀՀՀ-ի դասընթացքներու առցանց նիւթերը կատարեալ են։ Գիրքեր ընթերցելու կողքին, լեզուական հմտութիւններուս զարգացման նպաստեց ՀՀՀ-ի ձայնագրուած երկխօսութիւններու ունկնդրումը։ Իրականութեան մէջ, հայերէն սորվիլը դժուար է, յատկապէս մէկու մը համար, որ որեւէ կապ չունի այդ լեզուին եւ մշակոյթին հետ: Բայց երբ ինծի պէս սիրես լեզուն, իւրաքանչիւր նոր բառ սորվիլը կրնայ հաճոյք պատճառել։ Վերջերս գիտցայ, որ UNESCO-ն հրապարակած է վտանգուած լեզուներու ցանկ մը, որուն մէջ ներգրաւուած է արեւմտահայերէնը։ Այս իրողութիւնը ուսումս շարունակելու մեծ շարժառիթ մը եւս հանդիսացաւ։

 

Իմ նպատակս է հայերէնով կարդալ հայ նշանաւոր գրողներու գործերը։ Ուրախ եմ, որ ՀՀՀ-ը պիտի օգնէ, որ հասնիմ իմ նպատակիս։ Հպարտ եմ, որ իմ աշխատանքովս պիտի նպաստեմ հայ դասական գրականութեան վերծանման եւ կը յուսամ, որ օր մը, իր արժանի գնահատանքը ստանայ՝ համաշխարհային մակարդակով:

 

Հեղինակ՝ Քիմպըրլի Մէքֆարլըն, Աւստրալիա