login
Ներսէն Հայեացք
ՀՀՀի Ընձեռած Կարելիութիւնը Հայկական Համայնքին Հետ Կապ Հաստատելու 10/30/2014

Նարինէ Ստեփանեանը որպէս փաստաբան կ’ապրի եւ կ’ աշխատի Լոս Անճելըս քաղաքը: Քաղաքական ապաստան ստանալու խնդրանքով իրեն կը դիմեն աշխարհին մէջ սփռուած բազմաթիւ հայեր, նոյնիսկ Թուրքիայէն: Ան միշտ ալ ջանք ու ճիք թափած է ու հետապնդած է այն հարցերը, որոնցմէ հայերը տարապած են իրենց էթնիկական եւ կրօնական պատկանելութեան պատճառաւ։
 

Նարինէն Ազրպէյճանի Բաքու քաղաքը ծնած է, ուր իր ընտանիքը սերունդէ սերունդ ապրած է։ Փաստ է, որ Սովետական Միութեան մաս կազմող մօտաւորապէս բոլոր ազգային փոքրամասնութիունները ռուսերէն կը խօսէին, ուստի Նարինէին ընտանիքն ալ ռուսախօս էր։ Բաքու ապրելու ժամանակ Նարինէն հայերէն չէր գիտեր:


Ան, թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Ռուսաստանի մէջ իր մաշկին վրայ զգացած է հայերու հանդէպ իրականացուող ազգային խտրականութիւնները: Համարեայ կ’ընդունի, որ իր հայ ինքնութեան համար մղած պայքարը իր բնաւորութիւնը ձեւաւորեր է։ Կարելի սա է պատճառը, որ ան իրաւաբանի մասնագիտութիւնը ընտրած է: 1991 թուականին Նարինէն իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Սան Ֆրանսիսքօ, ուր հայկական համայնքը հոն ալ այդքան մեծ չէ:


Ան իր Պսակաւոր Արուեստի վկայականը ստացած է Գալիֆորնիայի Պերկլիի համալսարանէն։ 2001ին, Հասդինկսի Բարձրագոյն դպրոցէն ստացած է իրաւաբանական գիտութիւններու Տոքթորի Գիտական Աստիճան: Մինչեւ 2005 թուականը, ան քանի մը իրաւաբանական ընկերութիւններու մէջ աշխատելէ ետք, իր անձնական իրաւաբանական ընկերութիւնը հիմնած է։

2008ին Նարինէն կ’ ամուսնանայ Ժիլպերթին հետ։ Զոյգը կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս` մեծ հայկական համայնքին աւելի մօտիկ ըլլալու: Ան իր ամուսինին շնորհակալ է իրեն հայերէն խօսիլ սորվելու եւ քաջալերելու հայոց լեզուի դասընթացքներուն արձանագրուիլ: Նարինէն եւ Ժիլպերթը երեք զաւակ ունին` Էտուարտ, Ռոպերդ եւ Քրիստինա: Նարինէին զաւակները հայկական դպրոց կը յաճախեն եւ կը սորվին հայերէն:
 

«Ես Ռաֆֆին եւ Չարենցին ստեղծագործութիւնները ռուսերէնով կարդացած եմ, սակայն շատ կը նեղուէի, որովհետեւ հայերէնով չէի կրնար կարդալ։ Չորս տարեկան որդիս` Էտուարտը, հիմա կրնայ հայերէն կարդալ եւ նոյնիսկ թուաբանութիւնը հայերէն լեզուով կը սորվի։»,- Նարինէն ըսաւ:
 

Նարինէն հայերէն կարդալ ինքնուրոյն սորված է զաւակներ ունենալէն ետք, որպէսզի ամեն գիշեր իր երեխաներուն հայերէնով մանկական գիրքեր կարդայ։ Սկիզբը ան փորձած է նախապէս գիրքը քանի մը անգամ կարդալ, որ զաւակներուն առջեւ սահուն եւ անսխալ կարդայ։
 

Համացանցին մէջ երկար փնտռելէն ետք, ան վերջապէս գտաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը եւ 2013ին, Ապրիլին անմիջապէս արձանագրուեցաւ Հայոց լեզուի դասընթացքին: Ան արդէն երեք դասընթացքի մասնակցած եւ աւարտած է։
 

Նարինէն կը կարծէ որ լեզուն բանալի է դիմացինին մշակոյթը ընկալելու։ «Մշակոյթը գանձերով լեցուն տուփ մըն է, իսկ լեզուն այն բանալին է որով հնարաւոր է այդ տուփը բանալ: Կը կարծեմ որ առաջին կորուստը, որ հնարաւոր է ունենալ, այն էթնիկական ինքնութիւնն է: Եթէ դուն լեզուն չես սորվիր, ապա տարբեր ծայրերը ապրող հայերուն հետ կապը կը կորսնցնես »,- ան ըսաւ:
 

Նարինէն նաեւ ըսաւ, որ ՀՀՀն իրեն ընձեռած է հայերէն սորվելու եւ իր բառապաշարը զարգացնելու մեծ կարելիութիւն: Ան կը հաւատայ, որ ՀՀՀն մեծ նշանակութիւն ունի աշխարհի վրայ սփռուած հայերուն համար։ Այն կ’ օգնէ պահպանել իրենց ինքնութիւնը եւ կը փրկէ ձուլումէն։


Յարութ Եկմանեան