login
Ներսէն Հայեացք
«Կոչ կ'ուղղեմ բոլորին՝ սորվիլ հայոց լեզուն, որպէսզի մեր լեզուն յաւերժ ապրի» 08/10/2022

Մարիձա Գարակէօզեանը ծնած է Կ. Պոլիս (ներկայիս՝ Իսթանպուլ), հայկական միջավայրի մէջ: Ընտանիքին մէջ հայերէն շատ չէին խօսեր:


Հայկական նախակրթարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ  ետք, Մարիձային մայրենի լեզուի իմացութիւնը կը տկարանայ: Յետագային, երբ բարձրագոյն կրթութիւնը թրքերէն լեզուով կը ստանայ, իր մէջ ծնունդ կ'առնէ հայերէնին տիրապետելու ցանկութիւնը:  


Մարիձան կ'ըսէ. «Ծագումով կեսարացի ենք (Կեսարիա, ներկայիս՝ Կայսերի): Մայրս եւ հայրս հայերէն գիտէին, բայց տան մէջ հայերէն շատ չէին խօսեր»:  


Հակառակ անոր, որ հայերէն շատ լաւ չէր խօսեր, բայց իր հայկական արմատները եւ հազարաւոր տարիներու աւանդութիւնները լաւ ճանչնալու փափաքը միշտ ունեցած է:  2015-ին, որոշած է Հայաստան այցելել եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կազմակերպած Ս. Միւռոնօրհնէքի արարողութեան մասնակցիլ:  


«Այցելեցի բազմաթիւ եկեղեցիներ, տեսարժան վայրեր, նոյնիսկ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հանդիպելու արժանացայ եւ օրհնութիւնը ստացայ: Հայաստանի մէջ անգնահատելի ժամանակ անցուցի»:  


Այս այցելութիւնը թէ՛ հաճելի էր, եւ թէ՛ վճռորոշ: 


«Օր մը, ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսրանի դասընթացքներուն հետեւող ընկերուհիներէս մէկը կ'առաջարկէ, որ իր հետ դասին մասնակցիմ: Մասնակցեցայ. շատ գոհ մնացի եւ որոշեցի բարելաւել իմ հայերէնս»: 


Շատ չանցած, ՀՀՀ-ը կը ստանայ Մարիձային դիմումը:  Ան կ'ուզէր հետեւիլ թրքերէնով դասաւանդուող արեւմտահայերէնի միջին մակարդակի դասընթացքին:


«Դասերուն հետեւելու սկսայ: Իմ հեռավար ուսուցչուհիս Զեփիւռ Խպլիկեանն էր: Դասը սերտելու ժամը ես կ'ընտրէի: Շաբաթական հանդիպում կ'ունենայի ուսուցչուհիիս հետ՝ բանաւոր խօսքը զարգացնելու համար: Տիկին Զեփիւռը ոչ միայն հոյակապ ուսուցչուհի է, այլեւ  շատ լաւ ընկերուհի է. ինծի համար՝ գրեթէ քոյր մըն է»:  


ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռը կը հաստատէ. «Մարիձան շատ բծախնդիր, ճշդապահ, աշխատասէր ուսանողուհի մըն է: Մեծ սէր ունի հայերէնի եւ ընդհանրապէս հայկական մշակոյթի հանդէպ: Ամբողջ ուսումնառութեան ընթացքին բոլոր պարտականութիւնները լի ու լի կատարեց եւ մեծ հաճոյքով մասնակցեցաւ ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց ձեռնարկներուն: Իր նպատակն էր հայերէնի իմացութեան մակարդակը բարելաւել, հայերէն լեզուով սահուն խօսիլ  եւ հարստացնել իր ունեցած գիտելիքները՝ Հայաստանի ու հայկական մշակոյթի մասին»:


Միջին մակարդակը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Մարիձան կը շարունակէ ուսումնառութիւնը, հասնելով ՀՀՀ-ի լեզուի դասընթացքի ամէնէն բարձր մակարդակին: 


Այսպիսով Մարիձան, իր ուսումնառութեան շնորհիւ, կրնայ սերտ կապ հաստատել հայկական արժէքներուն եւ արմատներուն հետ: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին, ըսելով. «Երախտապարտ եմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին՝ երիտասարդներուն հայերէն սորվելու եւ հայերէնը բարելաւելու հնարաւութիւնը ընձեռելուն համար»:  


Պատանեկութեան տարիներուն Մարիձան հայերէն սորվելու առիթը չէր ունեցած: Բայց այսօր, հայերէն շատ լաւ կը խօսի եւ կ' ըսէ. «Կոչ կ'ուղղեմ բոլորին՝ սորվիլ հայոց լեզուն, որպէսզի մեր լեզուն յաւերժ ապրի»:


Նշենք թէ, առ այսօր, Թուրքիայէն աւելի քան 600 ուսանող հետեւած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: