login
Ներսէն Հայեացք
«Երբ Հայաստան այցելեցի, սիրահարուեցայ ոչ միայն երկրին, այլ նաեւ՝ աղջկայ մը» 06/22/2024

«Անունս Ռուբէն է։ Անունս հայկական կը թուի, բայց հայ չեմ, սպանացի եմ»: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողներէն 34 տարեկան Ռուբէն Ֆերնանտէսը այսպէս կը սկսի իր զրոյցը, ապա կը պատմէ, թէ  ինչպէ՛ս սկսած է  հայերէն սորվելու եւ հայկական մշակոյթին ծանօթանալու իր երթը: 


Արուեստի եւ ճամբորդութեան հանդէպ ունեցած հետաքրքրութեան շնորհիւ Ռուբէնը առաջին անգամ Հայաստան կ'այցելէ 2021-ին, որպէս Erasmus+ի 3 հանգրուանով ընթացող գեղարուեստական ծրագիրի մասնակից: Ծրագիրին արձանագրուելու ատեն կ'անդրադառնայ, որ 2-րդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, այն երկրին մէջ, որուն մասին մէկ բան գիտէր՝ Հայաստանը System of a Down հայկական հռչակաւոր ռոք խումբի հայրենիքն է։

 

Ան չէր գիտեր, որ այս այցելութիւնը հաճելի նոր անակնկալներու դուռ մը պիտի բանար …

 

Ան կ'ըսէ. «Երբ Հայաստան այցելեցի, սիրահարուեցայ ոչ միայն երկրին, այլ նաեւ՝ Նոյեմիին: Ինք հայ է. թէեւ իրարու հետ անգլերէն կը խօսինք, բայց ես ուզեցի հայերէն սորվիլ, որպէսզի իր ընտանիքն ու արմատները աւելի լաւ ճանչնալու առիթն ունենամ»: 


Այնուհետեւ երեք անգամ Հայաստան կ'այցելէ: Իր այցելութիւններուն ընթացքին, կը փորձէ կարդալ փողոցի ցուցանակներն ու սնունդի փաթեթներու վրայ գրուած բաղադրութիւններու ցանկը՝ հայերէն սորվելու համար: 
Երբ կը գիտնայ, որ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը առցանց դասընթացքներ ունի, անմիջապէս կ'արձանագրուի:

 

Ան կ'ըսէ. «Կայքը պրպտելէս ետք, ուզեցի բոլոր դասընթացքներուն հետեւիլ: Արդէն արեւելահայերէնի դասընթացքի առաջին եւ երկրորդ ու ճատրակի դասընթացքի բարձր մակարդակին  հետեւած եմ: Կ'ուզեմ նաեւ հետեւիլ Հայոց պատմութեան դասընթացին»։

 

Ռուբէնին երթը ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին հետ դեռ սկզբնական շրջանի մէջ է, բայց հակառակ անոր արդէն կրնայ հայերէն կարդալ եւ կարճ նախադասութիւններ կազմել ու խօսիլ: Ան կը նշէ. «Շատ մեծ ակնկալիքներ չունէի, բայց իսկապէս հիացած եմ, որովհետեւ հայերէն կը սորվիմ սպաներէն լեզուով: Ուսուցչուհիս՝ Գոհարը, սպաներէն շատ լաւ կը խօսի»:

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Գոհար Գէորգեանը կ'ըսէ, որ Ռուբէնը հաճելի բնաւորութեամբ, կարգապահ եւ աշխատասէր ուսանող է. «Առաջին օրէն ուշադրութիւնս գրաւեց իր պարտաճանաչութեամբ եւ սորվելու կամքով: Ուրախ եմ, որ եղած եմ իր ուսուցչուհին եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ»:

 

Նոր լեզու սորվելու ատեն, անշուշտ, նոր դժուարութիւններու կրնանք հանդիպիլ: Ռուբէնը ժպտելով կը յիշէ իր դժուարութիւնը, երբ կ'ուզէր սորվիլ այս նախադասութիւնը. «երեխաները խաղում են խաղահրապարակում» (Երեխաները խաղահրապարակին մէջ կը խաղան)։ Ան կ'ըսէ. «Այս նախադասութիւնը կարծես թէ շուտասելուկ է»:

 

Ռուբէնը որոշած է շարունակել ուսումը. «Նախ պիտի հետեւիմ Լեզուի դասընթացքի բոլոր մակարդակներուն, յետոյ՝ Հայոց պատմութեան եւ Մշակոյթի դասընթացքներուն: Ճատրակի դասընթացքը շատ հետաքրքրական էր, այդ դասընթաքէն շատ բան սորվեցայ. շատ կարեւոր է գիտնալ այդ խաղին օրէնքները, քայլերը, խաղին տիրապետելու մեթոտները»:


Ապա խօսքը շարունակելով կ'ըսէ. «Այս դասընթացքները օգնեցին, որ Հայաստանին եւ հայաստանցիներուն աւելի մօտենամ: Ինծի համար շատ կարեւոր է ընկերուհիիս ընտանիքին եւ ընկերներուն հետ մտերմանալը»:

 

Ապա՝ «Բոլորին կը յանձնարարեմ, որ հետեւին ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Արդէն արժանթինցի մէկ ընկերուհիիս՝ Լաուրային քաջալերեցի, որ հետեւի: Լաուրան ծագումով հայ է: Մենք միշտ իրարու հետ Հայաստանի մասին կը խօսինք: Հայկական դպրոց յաճախած է, բայց սորվածը մոռցած է: Հիմա ինք կ'ուզէ ամէն ինչ յիշել, կրկին սորվիլ եւ անոր համար ալ կը հետեւի Արեւմտահայերէն դասընթացքի առաջին մակարդակին»։